Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ախոյեան Սելթիքս Մեծ Յաղթանակով Սկսաւ. Լէյքըրզի Մրցանիշները

October 24, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամերուն սկսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեանութիւնը, եւ ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս իր 18-րդ տիտղոսը շահելէ ետք մեծ յաղթանակով սկսաւ տարեշրջանը` 132-109 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նիւ Եորք Նիքսին:

Սելթիքս 29 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` հաւասարելով Միլուոքի Պաքսի 2020-ի մրցանիշին:

Սելթիքս մօտ 48 տոկոսով յաջողութեամբ նշանակեց 3 կէտեր մրցումի մը, ուր Ճէյսըն Թէյթըմ 37 կէտ նշանակեց: Տերեք Ուայթ 24 կէտ եւ Ճէյլըն Պրաուն 23 կէտ աւելցուցին ի նպաստ Պոսթըն Սելթիքսին: Պոսթըն 35 կէտի առաւելութիւն ալ ունեցաւ, սակայն Նիւ Եորք նուազեցուց տարբերութիւնը, մանաւանդ օգտուելով Պոսթընի վերջին 13 անյաջող փորձերէն` 3 կէտ նշանակելու: Պոսթընի մարզիկները կը փորձէին մրցանիշը բարելաւել:

Ճէյլըն Պրանսըն նշանակեց 22 կէտ ի նպաստ Նիւ Եորք Նիքսի, մինչ Քարլ Անթոնի Թաունզ 12 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Քալիֆորնիոյ մէջ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ մրցանիշ արձանագրեց, երբ Լըպրոն Ճէյմս իր 22-րդ տարեշրջանը սկսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ (հաւասարելով Վինս Քարթըրի մրցանիշին):

Նախապէս բազմաթիւ մարզիկներ յաջորդած էին իրենց հօր` դառնալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի մարզիկ (աւելի ուշ), սակայն երէկ նոր մրցանիշ մը արձանագրուեցաւ, երբ մրցումի երկրորդ մասին Լըպրոնի զաւակը` Պրոնի Ճէյմս դաշտ ներկայացաւ` դառնալով առաջին հայրն ու զաւակը, որոնք նոյն մրցումին դաշտ կը ներկայանան եւ մանաւանդ նոյն խումբին մէջ:

Լէյքըրզ 110-103 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզին:

Լըպրոն (39 տարեկան) նշանակեց 16 կէտեր, մինչ Անթոնի Տէյվիս 36 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ռուի Հաշիմուրա աւելցուց 18 կէտ ի նպաստ Լէյքըրզի:

Ճէյճէյ Ռետիք իր առաջին մրցումը յաղթանակով սկսաւ իբրեւ մարզիչ, 15 տարի իբրեւ վեթերան մարզիկ խաղալէ ետք «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ:

Անթոնի Էտուըրտծ նշանակեց 27 կէտ ի նպաստ Թիմպըրվուլվզի, որ իր լաւագոյն տարեշրջանը անցուց անցեալ տարի, բաղդատմամբ վերջին 20 տարիներուն:

Ճուլիըս Ռենտըլ (16 կէտ եւ 9 ռիպաունտ) եւ Տոնթէ Տիվինսենցօ (10 կէտ) նշանակեցին ի նպաստ Մինեսոթայի:

 

Նախորդը

Մեսսի` «Էմ. Էլ. Էս.»-ի Հոկտեմբեր Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Հայկ Խլոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.