Յառաջիկայ շաբաթ օր Ռէալ Մատրիտ-Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ն տեղի պիտի ունենայ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ:
Պարսելոնայի պրազիլցի նախկին պատմական մարզիկներէն միջնապահ Ռիվալտօ իր կարծիքը տուած է «Քլասիքօ»-ին վերաբերեալ:
«Կը կարծեմ, որ Պարսելոնա կը յաղթէ 2-1 արդիւնքով», ըսած է Ռիվալտօ` «Սփորթ» կայքին հետ կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ռիվալտօ 1997-էն 2002 Պարսելոնայի հետ լաւ օրեր ունեցած է:
Նշենք, որ «Քլասիքօ»-ն տեղի կ՛ունենայ ժամը 22:00-ին, մինչ Պարսելոնա 10 հանգրուաններէ ետք կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը 27 կէտով` 3 կէտով գերազանցելով Ռէալ Մատրիտը: