«Էն. Պի. Էյ.» Ֆիլատելֆիա Իր Առաջին Յաղթանակը Տարաւ. Քըրի` Վիրաւորուած
«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ յետ երկարաձգման կրցաւ արձանագրել իր առաջին յաղթանակը, երբ 118-114 արդիւնքով յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզին: Թայրիս Մեքսի 45 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիոյ, որուն աստղերը` Ժոել Էմպիիտ եւ Փոլ Ճորճ վիրաւոր են ու տակաւին հեռու կը մնան դաշտերէն: Մեքսի այս եղանակի երրորդ մարզիկն էր, որ 40 կէտի սահմանը կը կտրէր` յաջորդելով Լուքա Տոնչիչի...




















