«Էն. Պի. Էյ.»-ի երկրորդ օրուան մրցումներուն, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ իր նոր կառուցուած դաշտին վրայ առաջին մրցումը կատարեց «Ինթուիթ Տոմ»-ի մէջ` Ինկըլվուտի շրջանը, բայց չկրցաւ դիմանալ Ֆինիքս Սանզին դիմաց, որ յետ երկարաձգման կրցաւ յաղթանակով աւարտել մրցումը 116-113 արդիւնքով:
Մրցումը վերջ գտաւ 103-103 արդիւնքով, բայց Քլիփըրզի սենթըր Իվիցա Զուպացի (Խրուաթիա) բացակայութիւնը վերջին 2 վայրկեաններուն (ֆաուլերէ ետք դուրս եկաւ դաշտէն) ծանր ազդեց Քլիփըրզի վրայ, որուն հերոսն էր Ճէյմս Հարտըն` նշանակելով 29 կէտ եւ ձեռք ձգելով 12 ռիպաունտ: Հարտըն առիթ ունէր հաւասարեցնելու արդիւնքը` ստիպելով յաւելեալ 5 վայրկեաններ, կորսնցնելէ ետք ազատ հարուածներ:
Քեւըն Տիւրենթ 25 կէտ եւ Պրետլի Պիլ 24 կէտ նշանակեցին ի նպաստ Սանզի` Քլիփըրզի դաշտի բացման գեղեցիկ մթնոլորտը «խանգարելով»:
Քլիփըրզ պահ մը 99-90 արդիւնքով յառաջացած էր, սակայն Սանզ յաջորդական 11 կէտեր նշանակեց` գերազանցելով մրցակիցը: Տեւըն Պուքըր 4 կէտ նշանակեց այդ միջոցին, սակայն Զուպացի նման ֆաուլեր ընելու պատճառով դուրս եկաւ դաշտէն` մրցումի աւարտէն մէկուկէս վայրկեան առաջ:
Այլ մրցումներու, Քէյտ Քանինկհամ 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տիթրոյիթ Փիսթընզին, այդ կէտերը սակայն բաւարար չէին պարտութեան մատնելու Ինտիանան, որ 115-109 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Քլիվլենտ Քեւելիրզ 136-106 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռիփթըրզին, ուր Էվըն Մոպլի 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի:
Եաննիս Անթեթոքումփօ տապըլ տապըլ ձեռք ձգեց (25 կէտ եւ 14 ռիպաունտ), եւ Միլուոքի Պաքս 124-109 արդիւնքով յաղթեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզին, որմէ կը բացակայէր Ժոել Էմպիիր (վիրաւոր):
Փաուլօ Պանչերօ իր կարգին տապըլ-տապըլ իրագործեց (33 կէտ եւ 11 ռիպաունտ), եւ իր խումբը` Օրլանտօ Մեճիք, յաղթեց Մայեմի Հիթին` 116-97 արդիւնքով:
Մայեմի Հիթ կիսախաղին պատուեց նախկին մարզիչ եւ այժմու նախագահ Փեթ Ռայլին` դաշտը կոչելով անոր անունով: Ռայլի, որ Մայեմի Հիթը մարզած էր 1995-էն 2003, ապա 2005-էն 2008, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն հռչակաւոր դէմքերէն մէկը եղած է: Ան 1972-ին Լէյքըրզի հետ իբրեւ մարզիկ դարձած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան, 5 անգամ ախոյեան իբրեւ մարզիչ, նախ Լէյքըրզի հետ` 1982-ին,1985-ին 1987-ին եւ 1988-ին, ապա 2006-ին` Մայեմիի հետ: Նշենք, որ Ռայլի 1995-էն ի վեր Մայեմի Հիթի նախագահն է:
Աթլանթայի մէջ, տեղւոյն Հոքս 120-116 արդիւնքով յաղթեց Պրուքլին Նիթցին: Թրէյ Եանկ 30 կէտ եւ 12 էսիսթ (տապըլ տապըլ) ձեռք ձգեց ի նպաստ Աթլանթայի, մինչ Քեմ Թոմաս 36 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նեթցի:
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 123-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շիքակօ Պուլզը: Պրանտըն Ինկրամ 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փելիքընզի, մինչ Զեք Լըվին 27 կէտ` ի նպաստ Պուլզի:
Չարլոթէն Լամելօ Պոլ (34 կէտ եւ 11 էսիսթ), Մեմֆիսէն Ճա Մորենթ (22 կէտ եւ 10 էսիսթ), Ուորիըրզէն Սթեֆ Քըրի (17 կէտ եւ 10 էսիսթ) իրենց կարգին տապըլ տապըլ իրագործեցին տարեշրջանի իրենց առաջին մրցումին:
Ստորեւ` արդիւնքները.
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 104-139
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆինիքս Սանզ 113-116
Եութա Ճեզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 124-126
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Շիքակօ Պուլզ 123-111
Հիւսթըն Ռոքեթց – Չարլոթ Հորնեթց 105-110
Աթլանթա Հոքս – Պրուքլին Նեթց 120-116
Մայեմի Հիթ – Օրլանտօ Մեճիք 97-116
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Միլուոքի Պաքս 109-124
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 106-136
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 109-115