Այսօր տեղի կ՛ունենան «Չեմփիընզ լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանի առաջին օրուան մրցումները, ուր Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Տորթմունտը` անցեալ տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի իր մրցակիցը:
Հազիւ 5 ամիս առաջ երկու խումբերը մրցած էին, եւ Ռէալ Մատրիտ յաջողած էր 2-0 արդիւնքով յաղթել` Ուեմպլիի մէջ 74-րդ վայրկեանէն ետք նշանակելով երկու կոլեր:
Տորթմունտ երեք անգամ յաջողած է պարտութեան մատնել Ռէալը, բոլորն ալ իր «Սիկնալ Իտունա Փարք»-ին մէջ (Գերմանիա), մինչ Ռէալ 5 անգամ կրցած է Սանթիակօ Պեռնապէոյի մէջ յաղթել:
Ռէալ Մատրիտ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, քան Տորթմունտ, եւ հաւանական է, որ այսօր ալ ըլլայ յաղթանակի թիւ 1 թեկնածուն:
Վաղը, սպանական միւս «հսկան»` Պարսելոնան պիտի հիւրընկալէ Գերմանիոյ «հսկայ» Պայերն Միւնիխը: Այս ճակատումը պիտի դառնայ այս հանգրուանի ամէնէն սպասուած մրցումը:
2015-էն ի վեր խումբերը 7 անգամ իրար դէմ մրցած են, եւ վերջին անգամ այդ տարին է, որ Պարսելոնա յաղթած է (3-0): Այդ մրցումէն վերջ Պայերն միշտ ալ յաղթած է Պարսային (3-2, 2-8, 0-3, 3-0, 2-0 եւ 0-3):
Այժմ, երկու խումբերն ալ լաւ օրերու մէջ կը գտնուին եւ կը գրաւեն իրենց ախոյեանութիւններու պարագլուխի դիրքերը, եւ Պարսելոնա իր դաշտին վրայ կը վստահի Պայերնի նախկին մարզիչ Հանզի Ֆլիքի թաքթիքներուն, որպէսզի անակնկալի բերէ գերմանացիները:
Ստորեւ` այսօրուան եւ վաղուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ժամը 19:45-ին
Ա. Սէ. Միլան – Պրիւժ
Մոնաքօ – Կարմիր Աստղ Պելկրատ
Ժամը 22:00-ին
Արսենալ – Շախթիոր Տոնեցք
Ասթոն Վիլա – Պոլոնիա
Ժիրոնա – Սլովան Պրաթիսլաւա
Եուվենթուս – Շթութկարթ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – ՓՍՎ Այնտհովըն
Ռէալ Մատրիտ – Տորթմունտ
Շթուրմ Կրաց – Սփորթինկ Լիզպոն
ՎԱՂԸ`
Ժամը 19:45-ին
Աթալանթա – Սելթիք
Պրեսթ – Պայեր Լեւերքուզըն
Ժամը 22:00-ին
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Լիլ
Պարսելոնա – Պայերն Միւնիխ
Պենֆիքա – Ֆեյենուրտ
Մանչեսթըր Սիթի – Սփարթա Փրակա
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Լիվըրփուլ
Զալցպուրկ – Տինամօ Զաղրեպ
Եանկ Պոյզ Պեռն – Ինթեր Միլան