Մոնկոլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը ընթացքի մէջ է: Ախոյեանութեան աութսայտըր Թուվ Պուկանուուտ խումբը յաջողած է Մոնկոլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին 9 հանգրուաններուն… 111 կոլ ստանալ:
Ակումբը կրցած է 2 կոլ նշանակել, մէկը` փենալթիով: Մոնկոլեան ակումբը ցուցադրած է ամէնէն վատ արդիւնքները` բոլոր բարձրագոյն լիկաներու պատմութեան մէջ:
Ակումբի լաւագոյն «ձեռքբերումը» 4-0 արդիւնքով պարտութիւնն էր Խանկարիտի դէմ մրցումին, որ նոյնիսկ չկայացաւ` պատճառ դառնալով 4-0 արդիւնքով թեքնիք պարտութեան:
Միջին հաշուով ակումբը մէկ մրցումին 12,3 կոլ ստացած է: Յատկանշականը այն է, որ 2023-2024 տարեշրջանին Թուվ Պուկանուուտ 72-47 կոլերու տարբերութեամբ գրաւած էր 5-րդ դիրքը, իսկ վերջին դիրքը գրաւած էր Պաւարիանզ ակումբը, որ 27 մրցումներու ընթացքին 154 կոլ ստացած էր: