Մարզական

Ճիունթոլի. «Փոկպան  Մեր Ծրագիրներուն Մէջ Չէ»

Ճիունթոլի. «Փոկպան Մեր Ծրագիրներուն Մէջ Չէ»

Եուվենթուսի թեքնիք տնօրէն Քրիսթիանօ Ճիունթոլի հաստատեց, որ 31 տարեկան միջնապահ Փոլ Փոկպա պիտի լքէ ակումբը: «Փոկպան հիանալի ֆութպոլիստ էր, բայց այժմ մենք ունինք այլ ծրագիրներ: Մենք տարբեր խաղցողներու համար ներդրումներ կատարած ենք, եւ այժմ մեր խումբը ամբողջովին համալրուած է», կ՛ըսէ Ճիունթոլի: Փոկպա, որ մինչեւ 2026 պայմանագրութիւն ունէր Եուվէի հետ, խթանիչ դեղեր գործածելու յանցանքով մեղադրուած էր եւ 4 տարիով կախակայուած: Աւելի...

Շելիխով Միացաւ Պիելոռուսիոյ Սլաւիային

Շելիխով Միացաւ Պիելոռուսիոյ Սլաւիային

«Սփութնիք»-ի համաձայն, ուքրանացի բերդապահ Տենիս Շելիխով պայմանագրութիւն կնքեց Պիելոռուսիոյ Սլաւիա ակումբին հետ: Շելիխով լողալով փախուստ տուած է Ուքրանիայէն` երկար ու մանրակրկիտ ծրագրելով իր փախուստը: Ան լողալով կտրած է Թիսա գետը, որ կը հոսի Հունգարիոյ եւ Ռումանիոյ սահմանով, իսկ յետոյ հասած Պիելոռուսիա, ուր միացած է Սլաւիային, իբրեւ ազատ գործակալ: «Ես լաւ գիտեմ Սլաւիայի մարզիչները, որոնք նախապէս եղած են Մինսք, եւ իրենց...

Մոնկոլիոյ Մէջ Տարբեր Ձեւի Մրցանիշ…

Մոնկոլիոյ Մէջ Տարբեր Ձեւի Մրցանիշ…

Մոնկոլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը ընթացքի մէջ է: Ախոյեանութեան աութսայտըր Թուվ Պուկանուուտ խումբը յաջողած է Մոնկոլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին 9 հանգրուաններուն... 111 կոլ ստանալ: Ակումբը կրցած է 2 կոլ նշանակել, մէկը` փենալթիով: Մոնկոլեան ակումբը ցուցադրած է ամէնէն վատ արդիւնքները` բոլոր բարձրագոյն լիկաներու պատմութեան մէջ: Ակումբի լաւագոյն «ձեռքբերումը» 4-0 արդիւնքով պարտութիւնն էր Խանկարիտի դէմ մրցումին, որ նոյնիսկ չկայացաւ` պատճառ դառնալով 4-0 արդիւնքով թեքնիք...

Բռնցքամարտ.  Ռուտոլֆ Կարպոյեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Բռնցքամարտ. Ռուտոլֆ Կարպոյեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Սոֆիայի (Պուլկարիա) մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն, Ռուտոլֆ Կարպոյեան 51 քկ կշիռի աւարտականին յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի մրցակիցին դարձաւ ախոյեան: 57 քկ կշիռի Ռուլան Ասլիքեան, 60 քկ կշիռի Արթուր Սահակեան եւ 67 քկ կշիռի Յարութիւն Յակոբկոխեան դարձան Եւրոպայի փոխախոյեաններ: Աւելի կանուխ, Էլիտա Քոչարեան, աղջկանց 60 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր` պարտութեան մատնելով ուքրանացի իր մրցակիցը:  

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց

Անգլիոյ ֆութպոլի երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումներուն, Սանտըրլենտ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մանչեսթըր Եունայթըտէն: 6-րդ հանգրուանին գծով այս մրցումին, Սանտըրլենտի յառաջապահ Ֆին Կերակուսեան 2 կոլ նշանակեց: Կերակուսեան, որ Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբին ալ մաս կը կազմէ, «Փրեմիեր լիկ»-ի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան գծով մասնակցած է 5 մրցումներու` նշանակելով 3 կոլ: Բաժակի մրցաշարքի գծով ան 2 մրցումներու ընթացքին 2...

Ճատրակ.  Մեծ Վարպետ Արամ Յակոբեան «Փաւլոտար Օփըն»-ի Ախոյեան

Ճատրակ. Մեծ Վարպետ Արամ Յակոբեան «Փաւլոտար Օփըն»-ի Ախոյեան

Մէկ շաբթուան վրայ տեղի ունեցած ճատրակի «Փաւլոտար օփըն» մրցաշարքի ախոյեան դարձաւ հայ մեծ վարպետ Արամ Յակոբեան: Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին մասնակցեցան 96 վարպետներ, որոնց շարքին Հայաստանէն երկու ներկայացուցիչներ Արամ Յակոբեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան: Արամ Յակոբեան 10 հանգրուաններէ ետք ձեռք ձգեց առաւելագոյն 10-էն 8 կէտ եւ գրաւելով առաջին դիրքը շահեցաւ մրցաշարքի տիտղոսը: Մանուէլ Պետրոսեան գրաւեց 11-րդ դիրքը` ձեռք ձգելով...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Տորթմունտ. Վաղը` Պարսելոնա – Պայերն Միւնիխ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Տորթմունտ. Վաղը` Պարսելոնա – Պայերն Միւնիխ

Այսօր տեղի կ՛ունենան «Չեմփիընզ լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանի առաջին օրուան մրցումները, ուր Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Տորթմունտը` անցեալ տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի իր մրցակիցը: Հազիւ 5 ամիս առաջ երկու խումբերը մրցած էին, եւ Ռէալ Մատրիտ յաջողած էր 2-0 արդիւնքով յաղթել` Ուեմպլիի մէջ 74-րդ վայրկեանէն ետք նշանակելով երկու կոլեր: Տորթմունտ երեք անգամ յաջողած է պարտութեան մատնել Ռէալը, բոլորն ալ իր «Սիկնալ Իտունա...

Ըստ Ինցակիի.  Լաութարօ Մարթինես Ոսկի Գնդակի  Լաւագոյն 5-ին Մէջ Կը Գտնուի

Ըստ Ինցակիի. Լաութարօ Մարթինես Ոսկի Գնդակի Լաւագոյն 5-ին Մէջ Կը Գտնուի

Ինթեր Միլանի գլխաւոր մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի լրագրողներու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինես պարզապէս պէտք է շարունակէ ընել այն, ինչ որ ան կատարեց անցեալ տարեշրջանին Ինթերի եւ Արժանթինի ազգային խումբին հետ: Մասնագէտը նշած է, որ Մարթինես այժմ կը նկատուի աշխարհի լաւագոյններէն մէկը: «Կը կարծեմ, որ Լաութարօ այս տարի կ՛ըլլայ «Ոսկի գնդակ»-ի թեկնածուներու լաւագոյն 5-ին մէջ», ըսաւ...

Ֆութպոլի Պատմութեան Ամէնէն Շատ Գլուխով  Կոլ Նշանակած Մարզիկներու Տասնեակը

Ֆութպոլի Պատմութեան Ամէնէն Շատ Գլուխով Կոլ Նշանակած Մարզիկներու Տասնեակը

Վերջերս, ֆութպոլի աշխարհին մէջ մեծ հետաքրքրութեան առարկայ դարձած են ամէն տեսակի վիճակագրութիւնները: Ո՞վ նշանակած է որքան կոլ, որքա՞ն էսիսթ (կոլի փոխանցում) կատարուած է, որքա՛ն վազած են դաշտին վրայ, ամէնէն բարձր ցատկող մարզիկը, ամէնէն քիչ կոլ ստացած բերդապահը, ամէնէն շատ փենալթի նշանակած մարզիկը եւ այլն: Այժմ կը ներկայացնենք ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն շատ գլուխով կոլ նշանակած մարզիկներու տասնեակը` նշելով, որ ցանկին մէջ...

Պասքեթպոլ.  Նիւ Եորք Շահեցաւ Աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ը

Պասքեթպոլ. Նիւ Եորք Շահեցաւ Աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ը

Նիւ Եորք Լիպերթի 27 տարի ետք վերջապէս դարձաւ աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան` պարտութեան մատնելէ ետք Մինեսոթան 67-62 արդիւնքով, յետ երկարաձգման: Երկուշաբթի առաւօտեան ժամերուն տեղի ունեցած 5-րդ ճակատումին, մրցումը աւարտեցաւ 60 հաւասար արդիւնքով եւ Մինեսոթա Լինքս միայն 2 կէտ կրցաւ նշանակել Լիպերթիի 7-ին դիմաց: Մինեսոթա Լինքս 4-րդ մրցումին 2 կէտով յաղթած էր Նիւր Եորք Լիպերթիին (82-80)` պարտադրելով 5-րդ վճռական ճակատումը:...

Ֆորմիւլա 1.  «Ֆեռարի» Շահեցաւ Առաջին Երկու Դիրքերը Լըքլեր` Առաջին

Ֆորմիւլա 1. «Ֆեռարի» Շահեցաւ Առաջին Երկու Դիրքերը Լըքլեր` Առաջին

Կիրակի գիշեր Օսթինի մէջ (Թեքսաս) տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու կրան փրին, որ այս տարուան 19-րդ մրցումն էր: Լանտօ Նտիս իր «Մաքլարենով» շահած էր փոլ փոզիշընը եւ սկսաւ կրան փրին առաջին դիրքէն` իր մօտ ունենալով աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափընը, որ «Ռետ Պուլ»-ի հետ գրաւած էր 2-րդ դիրքը: Զոյգի մրցակցութենէն օգտուելով, «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լըքլեր առաջին շրջանէն իսկ կրցաւ գրաւել առաջին դիրքը...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Արսենալի Առաջին Պարտութիւնը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալի Առաջին Պարտութիւնը

Եւրոպայի 5 կարեւորագոյն ախոյեանութիւններուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան հետաքրքրական մրցումներ, նաեւ արձանագրուեցան անակնկալ արդիւնքներ: «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն, մայրաքաղաք Լոնտոնի Արսենալը անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Պորնմաութէն: Պորնմաութ, որ վերջին անգամ 2018-ին կրցած էր յաղթել Արսենալին, մեծապէս օգտուեցաւ նախ Պուքայօ Սաքայի վիրաւոր ըլլալէն, ապա ֆրանսացի Ուիլիամ Սալիպայի կարմիր քարտէն, որ վերջինս 30-րդ վայրկեանին: Արսենալի «անբախտ» մարզիկը Ռահիմ Սթերլինկն էր, որ փոխարինուեցաւ լեհ...

Բռնցքամարտ.  Էլիտա Քոչարեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Բռնցքամարտ. Էլիտա Քոչարեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, 60 քկ կշիռի աղջկանց բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու (22 տարեկանէն վար) ախոյեան դարձաւ Էլիտա Քոչարեան: Քոչարեան աւարտականին պարտութեան մատնեց ուքրանացի իր մրցակիցը: 21 տարեկան Քոչարեան 3-րդ ռաունտին կրցաւ գերազանցել Թաթիանա Տովկալը` դառնալով ախոյեան: 1 տարի առաջ, նոյն տարիքային կշիռի մրցումներուն, Քոչարեան Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին: Նշենք, որ տղոց 4 ներկայացուցիչներ աւելի ուշ...

Թենիս.  Խաչանով Շահեցաւ Ալմաթիի Մրցաշարքը

Թենիս. Խաչանով Շահեցաւ Ալմաթիի Մրցաշարքը

Երէկ աշխարհի թիւ 26 թենիսմեն Կարէն Խաչանով շահեցաւ իր ասպարէզի 7-րդ տիտղոսը, Ղազախստանի թենիսի մրցաշարքի աւարտականին յաղթելէ ետք քանատացի Կապրիել Տիալլոյի (թիւ 118)` 6-2, 5-7 եւ 6-3 արդիւնքով: Խաչանով, որ 2016-ին շահած էր իր ասպարէզի առաջին մրցաշարքը Չենկտուի մէջ (Չինաստան), կրցաւ շահիլ Ալմաթիի մրցաշարքը, ուր թիւ 3 դասուած էր: Թիւ 1 դասուած Ֆրանսիս Թիաֆօ (Միացեալ Նահանգներ) քառորդ աւարտականին դուրս մնացած...

Մոտրիչ` Մատրիտի Ամէնէն «Ծեր» Մարզիկը

Մոտրիչ` Մատրիտի Ամէնէն «Ծեր» Մարզիկը

Շաբաթ գիշեր խրուաթ աստղ Լուքա Մոտրիչ դարձաւ Ռէալ Մատրիտի պատմութեան ամէնէն տարեց ֆութպոլիստը: Մոտրիչ Սելթա Վիկոյի դէմ մրցումին դաշտ ներկայացաւ 63-րդ վայրկեանին եւ 3 վայրկեան ետք Ռէալի յաղթանակի կոլին փոխանցումը կատարեց Վինիսիուս Ճունիորին: Ռէալ Մատրիտ 3 կէտերով վերադարձաւ Սելթայի դաշտէն: Քիլիան Էմպափէ նշանակած էր Ռէալի կոլը 20-րդ վայրկեանին, իսկ Վիլիոթ Շվետպերկ` Սելթայի հաւասարութեան կոլը 51-րդ վայրկեանին: Մոտրիչ դաշտ ներկայացաւ 39...

Թոնի Քրուսի Համար «Ոսկի Գնդակ»-ը Արժէք Չունի

Թոնի Քրուսի Համար «Ոսկի Գնդակ»-ը Արժէք Չունի

Ռէալ Մատրիտի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին միջնապահ Թոնի Քրուս լրագրողի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է իր ասպարէզի աւարտին կեանքի նոր փուլի մասին, ինչպէս նաեւ արտայայտուած «Ոսկի գնդակ»-ի մրցանակաբաշխութեան վերաբերեալ իր միտքերով: «Ես ինքզինքս շատ լաւ կը զգամ: Ինչ որ որոշած եմ կեանքիս ընթացքին, այդ մէկով համոզուած եմ եւ կատարած: Ասիկա չի նշանակեր, թէ ինծի համար դժուար չէ,...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Պարսելոնան  500 Հազար Եւրոյով Պատժած Է

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Պարսելոնան 500 Հազար Եւրոյով Պատժած Է

Պարսելոնան տակաւին չէ կրցած վճարել «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի սահմանած 500 հազար եւրոն` իբրեւ տուգանք նախորդ եղանակի նիւթական խախտումներու համար: Մարզական վճռադատ յանձնախումբը վաւերացուցած էր Պարսելոնայի պատիժը: Գործի քննութեան ժամանակ դատարանը որոշած է, թէ Պարսելոնա խախտած է «Ֆայնենշըլ ֆեր-փլէյ»-ի օրէնքի երկու կէտ: Այդ իսկ պատճառով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կողմէ վաւերացուած է նիւթական տուգանքը: Սպանական ակումբը 10 հանգրուաններէ ետք կը...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Շթութկարթ. Վաղը` Լիվըրփուլ – Չելսի

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Շթութկարթ. Վաղը` Լիվըրփուլ – Չելսի

Այս շաբաթավերջին եւրոպական 5 կարեւոր ախոյեանութիւնները կը շարունակուին: Գերմանիոյ մէջ, այսօր պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ անցեալ տարուան փոխախոյեան Շթութկարթը, մինչ 10-րդ դիրքը գրաւող Մայնց կը հիւրընկալէ Պայերնի հետ հաւասար կէտեր ունեցող Լայփցիկը: Անցեալ տարուան ախոյեան Լեւերքուզըն պիտի հիւրընկալէ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը: Անգլիոյ մէջ, պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ վաղը պիտի հիւրընկալէ Չելսին (4-րդ), մինչ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի պիտի ըլլայ...

«Էն Պի. Էյ.»  2024-2025 Տարեշրջանը Չսկսած Այժմու Լաւագոյն 10 Մարզիկները

«Էն Պի. Էյ.» 2024-2025 Տարեշրջանը Չսկսած Այժմու Լաւագոյն 10 Մարզիկները

Վերջերս, «Ի.Էս Փի.Էն» մարզական պատկերասփիւռի կայանը հրապարակած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն 10 մարզիկներուն անունները: Հետաքրքրական է տեսնել Եւրոպայի մարզիկները առաջին երեք դիրքերուն վրայ: Ստորեւ կը ներկայացնենք մարզիկներուն ցանկը` իրենց ակումբներուն հետ. 1.- Նիքոլա Եոքիչ (29 տարեկան), Տենվըր Նակեթց, Սերպիա: 2.- Լուքա Տոնչիչ (25 տարեկան), Տալաս Մեւրիքս, Սլովենիա: 3- Եաննիս Անթեթոքումփօ (29 տարեկան),  Միլուոքի Պաքս, Յունաստան: 4.- Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր...

2024-ի «Կոլտըն Պոյ» Մրցանակը` Դեկտեմբերին

2024-ի «Կոլտըն Պոյ» Մրցանակը` Դեկտեմբերին

2003-ին իտալական «Թութոսփորթ» oրաթերթը «Կոլտըն պոյ» (Ոսկի տղան) մրցանակ մը սկսաւ շնորհել տարուան լաւագոյն երիտասարդ մարզիկին, որ պէտք է 21 տարեկանէն վար ըլլայ: Մրցանքին օրէնքը եւ դրութիւնը կ՛ենթադրէ հոկտեմբերէն մինչեւ յաջորդ տարուան հոկտեմբեր լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած մարզիկները պատուել: 2003-ին առաջին մրցանակը շահած էր Ռաֆայել Վան Տեր Վաարթ, որ Այաքս Ամսթերտամի հետ էր այդ տարին: Ստորեւ այս տարուան 20 թեկնածուները`...

Page 167 of 1276 1 … 166 167 168 … 1,276

Արխիւներ