Անգլիոյ ֆութպոլի երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումներուն, Սանտըրլենտ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մանչեսթըր Եունայթըտէն:
6-րդ հանգրուանին գծով այս մրցումին, Սանտըրլենտի յառաջապահ Ֆին Կերակուսեան 2 կոլ նշանակեց:
Կերակուսեան, որ Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբին ալ մաս կը կազմէ, «Փրեմիեր լիկ»-ի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան գծով մասնակցած է 5 մրցումներու` նշանակելով 3 կոլ: Բաժակի մրցաշարքի գծով ան 2 մրցումներու ընթացքին 2 կոլ նշանակած է: Սանտըրլենտի հետ ան անցեալ եղանակի երկրորդ մասին կատարած է 17 մրցում` նշանակելով 5 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ: