Անցեալ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ յաջողեցաւ 15-րդ յաջորդական մրցումը անյաղթ մնալ «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին եւ կիսախաղին 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցաւ 5 կոլ նշանակել Բ. կիսախաղին` անցեալ տարուան աւարտականի մրցակից Տորթմունտի դէմ:
Տորթմունտ շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, եւ 30-րդ վայրկեանին Տոնիել Մալեն օգտուելով Սերհու Կիրասիի փոխանցումէն, նշանակեց Ռէալի բերդին մէջ` բանալով մրցումին հաշիւը:
4 վայրկեան չանցած, այս անգամ Մալենի փոխանցումէն օգտուեցաւ Ճէյմի Կիթընզ, որ դիւրութեամբ նշանակեց Քուրթուայի բերդին մէջ: Արդիւնք` 0-2:
Ռէալ իր 2-րդ լուրջ առիթը ստեղծեց 36-րդ վայրկեանին, երբ Ճուտ Պելինկհամի գլխու հարուածը զսպեց Տորթմունտի բերդապահ Քոպելը: Նախապէս Էմպափէ 8-րդ վայրկեանին փորձած էր հարուածել, բայց յետսապահ մը զսպած էր անոր հարուածը:
Պելինկհամի գլխու հարուածէն ետք գնդակը վերադարձած էր իրեն, եւ այս անգամ հարուածը զսպեց Քոպելի բերդին ձողը:
Վայրկեան մը ետք, Ռոտրիկոյի արագ հարուածը անցաւ Տորթմունտի բերդի սիւնին շատ մօտէն:
39-րդ վայրկեանին Եուլիան Պրանտթ լաւ հարուածով մը փորձեց խաբել Քուրթուան, որ արթուն էր եւ զսպեց զայն:
Կիսախաղէն ետք, Ռէալ համեմատաբար աւելի լաւ էր: 53-րդ վայրկեանին Լուքաս Վասքէսի անակնկալ հարուածը վարպետօրէն զսպեց Քոպել: Այս անգամ գնդակը հասաւ Վինիսիուսին, որ 2 մրցակից խաբելէ ետք հարուածեց, բայց Քոպել անգամ մը եւս զսպեց գնդակը:
57-րդ վայրկեանին Մալեն 3-րդ կոլը նշանակելու առիթ կորսնցուց, երբ Քուրթուա զսպեց անոր հարուածը:
Տորթմունտի քոռնըրէն ետք արագ հակայարձակում մը եւ Ռէալ շահեցաւ քոռնըր մը: Քոռնըրէն ետք Ռոտրիկօ, ապա Պելինկհամ առիթներ կորսնցուցին կոլ մը նշանակելու, մինչեւ որ գնդակը հասաւ Էմպափէին, որ օդէն փոխանցում մը տուաւ Ռուտիկըրի, որ գլխու հարուածով նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը:
2 վայրկեան չանցած, Վինիսիուս կոլ մը նշանակեց, սակայն օֆսայտ նկատուեցաւ: Իրաւարարին ականջին խօսուեցաւ վճռելու կոլին «մաքուր» ըլլալը:
Իրաւարարը ուղղուելէ ետք դաշտին կեդրոն եւ դիտելէ ետք կոլին կրկնութիւնը, վաւերացուց Ռէալի կոլը: Արդիւնք` 2-2:
80-րդ վայրկեանին Էմպափէ բախտը փորձեց հարուածով մը, բայց Քոպել դիւրութեամբ զսպեց գնդակը: 82-րդ վայրկեանին պահեստի մարզիկ Մաքսիմիլեան Պայեր մեծ քառակուսի մտաւ եւ գետնէն հարուած մը տուաւ, սակայն Քուրթուա կրցաւ զսպել զայն:
83-րդ վայրկեանին Լուքաս Վասքէս առանձին վազեց դաշտի կեդրոնէն եւ ուժգին հարուածով մը գրաւեց Տորթմունտի բերդը:
86-րդ վայրկեանին, Վինիսիուս Ճունիոր քանի մը մրցակից խաբելէ ետք մեծ քառակուսիին ծայրէն անզսպելի հարուածով գնդակը զետեղեց Տորթմունտի բերդին մէջ:
93-րդ վայրկեանին, նոյնինքն Վինիսիուս ամբողջացուց իր հեթ-թրիքը, առանձին մտնելէ ետք քառակուսի, եւ դէպի բարձր հարուածելով նշանակեց Ռէալի 5-րդ կոլը:
Մրցումէն ետք, Ռէալի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի եւ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ յայտնեցին, որ այս տարուան ոսկի գնդակի թեկնածուն` Վինիսիուսը տակաւին ընելիք չունի եւ այժմէն իսկ փաստած է, թէ ինք արժանի է տիտղոսին:
Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ Եուվենթուս անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Գերմանիոյ փոխախոյեան Շթութկարթէն 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին հետեւողները այդքան ալ անակնկալ չզգացին արդիւնքը, որ շատ աւելի մեծ կրնար ըլլալ, եթէ օրուան հերոսը չըլլար բերդապահ Մաթիա Փերինը, որ նոյնիսկ փենալթի մըն ալ զսպեց:
Պէտք է նշել սակայն, որ իտալական ֆութպոլը շատ լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր, եւ Ա. Սէ. Միլանի նման «հսկայ» մը, օրինակ` 3-րդ մրցումին կրցաւ ձեռք ձգել այս տարեշրջանի առաջին կէտերը` պարտութեան մատնելէ ետք պելճիքական Պրիւժ խումբը, նախապէս պարտուելէ ետք Պայեր Լեւերքուզընէն եւ Լիվըրփուլէն:
Ասթոն Վիլա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոլոնիան եւ արձանագրեց իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը` առանց կոլ մը իսկ ստանալու:
Մոնաքօ իր կարգին 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Կարմիր Աստղ Պելկրատը` շնորհիւ Մինամինոյի (2) Էմպոլոյի, Սինկոյի եւ Աքլիուշի կոլերուն:
Արսենալ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շախթիոր Տոնեցքը` շնորհիւ բերդապահ Տիմիթրօ Ռիժնիքի սխալին:
Ստորեւ` 3-րդ շաբթուան առաջին օրուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ռէալ Մատրիտ – Տորթմունտ 5-2
Փարիզ Սեն Ժերմեն – ՓՍՎ Այնտհովըն 1-1
Շթուրմ Կրաց – Սփորթինկ Լիզպոն 0-2
Արսենալ – Շախթիոր Տոնեցք 1-0
Եուվենթուս – Շթութկարթ 0-1
Ժիրոնա – Սլովան Պրաթիսլաւա 2-0
Ասթոն Վիլա – Պոլոնիա 2-0
Ա. Սէ. Միլան – Պրիւժ 3-1
Մոնաքօ – Կարմիր Աստղ Պելկրատ 5-1