Ըստ Քաթարի «Ռայա»-ին, Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Չաւի Հեռնանտես այժմ Տոհա կը գտնուի` տեսակցելու Քաթարի ազգային խումբի մարզական ղեկավարներուն հետ:
Չաւի 2015-ին լքելէ ետք Պարսելոնան միացած էր Քաթարի Սատտ խումբին, ուր խաղցած էր մինչեւ 2019` կատարելով 82 մրցում եւ նշանակելով 20 կոլ: Ապա 2019-ին սկսաւ մարզել Սատտը` մինչեւ 2021, այնուհետեւ վերադարձած էր Պարսելոնա` իբրեւ մարզիչ:
Ան փոխարինած էր Ռոնալտ Քումանը: Այս տարուան 24 մայիսին խումբին նախագահ Խուան Լափորթա զինք պաշտօնանկ ըրաւ:
Ան կրցած էր 1 անգամ շահիլ Սպանիոյ ախոյեանութիւնը եւ Սպանիոյ գերբաժակը: Հաւանական է, որ ան մարզէ Քաթարի ազգային խումբը` բաւական գաղափար ունենալով Քաթարի շրջանակէն, եւ հաւանական է համագործակցութիւն իր եւ ֆետերասիոնին միջեւ: