Մարզական

Ուրբաթ, 23 Յունուարին. Մրցանակաբաշխութիւն` 2014 Տարուան Փինկ Փոնկի Ախոյեաններուն

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ուրբաթ, 23 յունուարին, երեկոյեան ժամը 21:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ 2014 տարուան փինկ փոնկի ախոյեաններուն մրցանակաբաշխութիւնը, «ԶՈՆ» ճաշարանին մէջ (Մանսուրիէ)` հովանաւորութեամբ լիբանանցի գործատէր Ուատիհ Ապսիի:

Վալերի Յովհաննիսեան Մեկնեցաւ Պրազիլ

Ուլիս Երեւանի բաժնետէր Վալերի Յովհաննիսեան այս շաբաթասկիզբին մեկնեցաւ Պրազիլ: Ուլիսի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ խումբին մէջ տեղի պիտի ունենան ֆութպոլիստներու փոփոխութիւններ: Տասը օրուան ժամանակամիջոցին Յովհաննիսեան պիտի ընտրէ այն մարզիկները, որոնք շատ հաւանաբար ամբողջացնեն երեւանեան խումբը: ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ Յովհաննիսեան Պրազիլ մեկնեցաւ քանի մը ակումբներու հետ նախնական համաձայնութեան գալէ ետք: Ընտրուած մարզիկները խումբին պիտի միանան Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա), ուր հայկական...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսին Դարձի Մրցումները

Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 11 յունուարին աւարտեցան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումները` Սաժես - Ռիատի մրցումով: Այսօր` երեքշաբթի, 13 յունուարին, Ռիատի - Հուփս մրցումով կը սկսին 8-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի ճակատումները: Ստորեւ` դարձի Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ռիատի - Հուփս 18:00 Մանարա ՈՒՐԲԱԹ, 16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ՀՄԸՄ - Մութթահետ 17:50 Աղբալեան ՇԱԲԱԹ,...

Ճատրակ. Արաբական Ախոյեանութիւն. Լիբանանցի Իպրահիմ Շահրուր Հանդիսացաւ 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեան

Իպրահիմ Շահրուր Նախորդ շաբաթավերջին Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) աւարտեցաւ Ճատրակի արաբական ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ երկիրներու ճատրակի ախոյեանները` իրենց դասակարգերուն մէջ: Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ վեց խաղացողները. Մոհամետ Ժաուիշ, Հրակ Լախեան, Ժաուատ Ֆարհաթ, Քարիմ Համաուի, Մոհամետ Համատ եւ Իպրահիմ Շահրուր: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Ալի Ժաուիշ: Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ խմբագրութեանս...

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Դարձեալ Արժանացաւ «Ոսկիէ Գնդակր-ին

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` իր ստացած մրցանակին հետ Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ արժանացաւ ՖԻՖԱ-ի 2014-ի «Ոսկիէ գնդակ»-ին: Նշենք, որ ան այսպիսով 3-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին. առաջինը` 2008-ին: Տեղի ունեցած այս քուէարկութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆութպոլի ազգային խումբերու մարզիչներն ու խմբապետները, ինչպէս նաեւ լրագրողներ` տարբեր երկիրներէ: Ռոնալտօ ապահովեց տեղի ունեցած քուէարկութեան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – Անդրանիկ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր Անդրանիկ Պէյրութ հիւրը պիտի ըլլայ Հուփսի: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Նահր Մոթ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին: Ստորեւ` 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.c ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Հուփս - Անդրանիկ Պէյրութ 20:00 Միշել Մըր ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 14 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Պըրժ Այնթուրա 20:30...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Լիոն Պարագլուխի Դիրքը Խլեց Մարսէյէն

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիոն Պարագլուխի Դիրքը Խլեց Մարսէյէն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումներուն ընթացքին արձանագրուեցան քանի մը անակնկալ արդիւնքներ: Ֆրանսայի մէջ 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանին, օգտուելով Մարսէյի կրած պարտութենէն (Մոնփելիէէն, 2-1), Լիոն անկէ խլեց պարագլուխի դիրքը` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թուլուզի: Իր կարգին, Պասթիա անակնկալ մը ստեղծեց, երբ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Փարիզ Սեն Ժերմենին, հակառակ անոր որ վերջինս 2-0 արդիւնքով...

Տիւյաթլոն.   Լիբանան Տիրացաւ Մէկ Ոսկի Եւ Մէկ Արծաթ Մետալի

Տիւյաթլոն. Լիբանան Տիրացաւ Մէկ Ոսկի Եւ Մէկ Արծաթ Մետալի

Նախորդ շաբաթավերջին Եգիպտոսէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի Տիւյաթլոնի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Տիւյաթլոնի (հեծելարշաւ եւ վազք) արաբական ախոյեանութեան: Լիբանան յաջողեցաւ այս ախոյեանութեան լաւ արդիւնք ձեռք ձգել` տիրանալով մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալի: Հաննա Պու Ֆարհաթ իր տարիքային բաժինին մէջ (30-34 տարեկան) տիրացաւ ոսկի մետալի, մինչ ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը: Ինչ կը վերաբերի արծաթ մետալին, ատոր տիրացաւ Քարոլ...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն – «Ֆայնըլ-Ֆոր». Մայատին Եւ Պէյրութի Դրամատունը Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի առաջին մրցումները, որոնց ընթացքին Մայատին եւ Պէյրութի դրամատունը յաղթանակներ արձանագրեցին: Առաջինը 2-1 արդիւնքով յաղթեց Լիբանանեան բանակին, մինչ երկրորդը` Ֆայհա Թրիփոլիին (4-1): Ինչպէս ծանօթ է, երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Անոնց միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ. ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 14 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ֆայհա Թրիփոլի -...

Ֆութսալ. Հայաստանի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Շուէտ

Երէկ` երկուշաբթի, 12 յունուարին, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Շուէտ, ուր 14-17 յունուարին տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը: Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Շուէտ, Իսրայէլ եւ Սկովտիա: Հայրենի կազմը վերոնշեալ երեք խումբերուն դէմ պիտի մրցի յաջորդաբար 14, 15 եւ 17 յունուարին: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարեթեան:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթեց Զօրաւոր Նկատուող Թատամոնին` 83-77 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Զօրաւոր Նկատուող Թատամոնին` 83-77 Արդիւնքով

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 10 յունուարին, ՀՄԸՄ իր դաշտին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց զօրաւոր նկատուող Թատամոնը, որ իր կազմին մէջ ունի լաւ մարզիկներ: Սակայն նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ կար պայքարի ոգին, յաղթելու վճռակամութիւնը եւ իրենց համակիրներուն յաղթանակ նուիրելու պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Շապապ Արապիին

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ 10 յունուարին, Ռիատիի դաշտին վրայ (Մանարա), ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը եղաւ Շապապ Արապիի: Հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմը առաջին քորթըրը աւարտեց ի նպաստ իրեն (16-3), սակայն ՀՄԸՄ ինքզինք գտնելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 68-46 արդիւնքով (16-3, 11-18, 8-21 եւ 11-26): ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Այտա Պախոս (19 կէտ եւ 12...

Ըմբշամարտ. Արթուր Ալեքսանեան` Առաջին Դիրքին Վրայ

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, երէկ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը հրապարակեց ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորումը (առաջին քսանին), եւ ատիկա` տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն նախօրեակին: Ստորեւ` հրապարակուած նոր դասաւորումը. ԱԶԱՏ ՈՃԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ 59 քկ.- Գարիկ Բարսեղեան` 18-րդ 65 քկ.- Դաւիթ Սաֆարեան` 12-րդ 70 քկ.- Գրիգոր Գրիգորեան` 13-րդ 86 քկ.- Մուսա Մուրթազալիեւ` 15-րդ ՅՈՒՆԱՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՈՃԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ 59 քկ.-...

Վոլֆսպուրկի 20 Տարեկան Ֆութպոլիստը Զոհ Գնաց Ինքնաշարժի Արկածի Մը

Գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթին հրապարակած մէկ լուրին համաձայն, Վոլֆսպուրկի 20 տարեկան միջնապահ Ժունիոր Մալանտա Գերմանիոյ մէջ մահացած է ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով: Տեղւոյն ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ պելճիքացի ֆութպոլիստը շատ մեծ արագութեամբ կը վարէր իր ինքնաշարժը եւ տեղատարափ անձրեւուն միջոցին կորսնցուցած էր իր հաւասարակշռութիւնը` զարնուելով ծառի մը: 2013-ին Վոլֆսպուրկի միացած Մալանտա մաս կը կազմէր պելճիքացի 21 տարեկանէն վար ազգային խումբին: Ան այս...

Հրացանաձգութիւն.  Հայաստանը Ներկայացնող Քրիսթիան Լաուեր Արծաթէ Մետալ Մը Ապահովեց

Հրացանաձգութիւն. Հայաստանը Ներկայացնող Քրիսթիան Լաուեր Արծաթէ Մետալ Մը Ապահովեց

Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած «Փոքալ Թրզինա-2015» հրացանաձգութեան միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 9 երկիրներէ 221 հրացանաձիգներ: Այս մրցաշարքին Հայաստանը կը ներկայացնէր ազգութեամբ գերմանացի Քրիսթիան Լաուեր, կը յայտնէ ArmSport.am: Ան յաջողեցաւ այս մրցաշարքին արծաթ մետալ մը ապահովել Հայաստանի համար, կը յայտնէ Հայաստանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնին կայքը: Նշենք, որ անոր մարզիչն է Անդրանիկ Այվազեան:

Եուվենթուս Հետաքրքրուած` Մխիթարեանով

«Սքայ Սփորթ Իթալիա» կայքին համաձայն, Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս կը փորձէ եւ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը: Նկատի ունենալով, որ իտալական ակումբը ձախողեցաւ հոլանտացի Ուեսլի Շնայտըրին ստորագրութիւնը ձեռք ձգել, այժմ անոր հիմնական նպատակը դարձած է Մխիթարեանը: Սակայն այդ փոխանցումը քիչ մը բարդ կը թուի ըլլալ եւ կը կարծուի, որ անիկա...

Աւստրալիոյ Թենիսի Կրան Շլեմի Միջազգային Բաց Մրցաշարք. Մրցանակային Ֆոնտը Բարձրացաւ 40 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի

19 յունուարին կը սկսի տարուան առաջին` Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը: Մրցաշարքին կազմակերպիչները անոր ազդանշանը չտրուած յայտարարեցին, որ անոր մրցանակային ֆոնտը աւելցած է 7 միլիոն ամերիկեան տոլարով, այսինքն` ընդամէնը բարձրանալով 40 միլիոն ամերիկեան տոլարի: Tennispanorama.com-ի համաձայն, այս տարի տղոց եւ աղջկանց տիտղոսակիրները (իւրաքանչիւրը) պիտի ստանան 3,1 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ Ա. հանգրուանէն դուրս մնացողները` 34,500 ամերիկեան տոլար: Բաղդատած...

Ռոնալտոյի Համակիրները Գնդակներ Նետեցին Փլաթինիի Տան Վրայ

Փորթուգալցի համակիրները «լեց Քիք Փլաթինի աութ» նշանաբանով բողոքի ցոյց մը կատարեցին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինիի Փարիզի տան դիմաց: «Մարքա» պարբերաթերթը կը յայտնէ, որ ատոր պատճառը այն է, որ Փլաթինի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է, որ «ոսկիէ գնդակին» համար իր թեկնածուն Մանուէլ Նէօյըրն է: Վերոնշեալ աղբիւրին տեղեկութեան համաձայն, համակիրները Փլաթինիի տան ուղղութեամբ 61 գնդակ նետած են:...

Ճատրակ. Արոնեան Հաւասարութեամբ Սկսաւ «Թաթա Սթիլ»-ի Միջազգային Մրցաշարքը

Նախորդ շաբաթավերջին հոլանտական Վէյք ան Զի քաղաքին մէջ սկսաւ «Թաթա Սթիլ»-ի ճատրակի փառատօնը: Ա. մրցաշարքին Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար` Լեւոն Արոնեան (2799) Ա. հանգրուանին սեւ քարերով մրցեցաւ խրուաթ կրանտմասթըր Իվան Շարիչի (2666) հետ: Անոնց միջեւ մրցումը 32-րդ շարժումին աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: Արոնեան, որ 2-րդ հանգրուանին մրցեցաւ Անիշ Կիրիի հետ (Հոլանտա), արձանագրեց այլ հաւասարութիւն մը եւս:

Ֆորմիւլա-1. Հեմիլթըն Պիտի Դառնայ Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Վարորդը

Միջազգային մամուլին համաձայն, Մերսետեսի վարորդ, «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի գործող ախոյեան Լուիս Հեմիլթըն մօտ է իր խումբին հետ նոր պայմանագիր մը ստորագրելուն: Ինչպէս կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ» կայքը, նոր պայմանագիրին կնքումով 30 տարեկան վարորդը ամէն տարի պիտի գանձէ 25 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, ինչ որ անգլիացին պիտի դարձնէ «Ֆորմիւլա-1»-ի պատմութեան մէջ ամէնէն բարձր վարձատրուող վարորդը: Հեմիլթըն, որ 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ...

Page 1271 of 1274 1 … 1,270 1,271 1,272 … 1,274

Արխիւներ