Փորթուգալցի համակիրները «լեց Քիք Փլաթինի աութ» նշանաբանով բողոքի ցոյց մը կատարեցին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինիի Փարիզի տան դիմաց:
«Մարքա» պարբերաթերթը կը յայտնէ, որ ատոր պատճառը այն է, որ Փլաթինի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է, որ «ոսկիէ գնդակին» համար իր թեկնածուն Մանուէլ Նէօյըրն է:
Վերոնշեալ աղբիւրին տեղեկութեան համաձայն, համակիրները Փլաթինիի տան ուղղութեամբ 61 գնդակ նետած են: Նախորդ տարեշրջանին Ռոնալտօ այդքան կոլ նշանակած էր:
Իւրաքանչիւր գնդակին վրայ գրուած էր մրցակից խումբին անունը եւ նշանակուած կոլին վայրկեանը: