Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան  7-րդ Հանգրուանին Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Թատամոն Եւ Շապապ Արապի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 10 յունուարին ՀՄԸՄ կը մրցի Թատամոնի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Նշենք, որ նոյն ժամուան Ժիպէյլի մէջ Պիպլոս կը հիւրընկալէ Հուփսը, մինչ երթի մրցումները կ՛աւարտին վաղը` կիրակի, 11 յունուարին, երբ դարձեալ...

Եւրոպայի Ախոյեան Գեւորիկ Պօղոսեան 10 Տարիով Որակազրկուեցաւ

Ռուսիոյ ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը որոշում տուաւ արգիլուած խթանիչներ օգտագործելու համար 10 տարիով որակազրկելու Գեւորիկ Պօղոսեանը, երէկ յայտնեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` վկայակոչելով Ռուսիոյ հակախթանիչ գործակալութեան պաշտօնական կայքին հրապարակած լուրը: Պօղոսեան 2010-ին Հայաստանի հաւաքականի կազմին հետ դարձած էր Եւրոպայի ախոյեան, ապա սկսած էր հանդէս գալ Ռուսիոյ դրօշին տակ: Նշենք, որ 30 տարեկան ծանրաբարձը, երկրորդ անգամ ըլլալով կը որակազրկուի: Անոր այս կախակայումը կը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Մատրիտ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումներուն գծով, բաւական հետաքրքրական ճակատումի մը ընթացքին Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտը: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 21-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Սանտըրլենտ (14) - Լիվըրփուլ (8) 14:45 Պըրնլի (19) - Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ (16) 17:00 Չելսի (1) - Նիւքասըլ (10) 17:00...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Հաղորդագրութիւն

2015 տարին սկսաւ կլիմայական ցուրտ պայմաններու տակ, որոնք վերջին քանի մը օրերուն հասան իրենց սաստկութեան: Մեկնելով Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած այն որոշումէն, որ կ՛ակնարկէր վարժարաններուն փակուելուն, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենային այս շաբաթավերջին, յետաձգուած են: Յառաջիկայ շաբաթ պիտի հրապարակուի նոր յայտագիրը: ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ...

Կարլեն Մկրտչեան Միացաւ Թոպոլի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ղազախական Թոպոլի հետ, յայտնեց ArmSport.am Թոպոլի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ հայ ֆութպոլիստին հետ կնքուեցաւ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը: Ղազախական ակումբին կայքը Կարլեն Մկրտչեանը անուանեց հայկական ֆութպոլի աստղերէն: Նշենք, որ խումբին մարզիչն է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան: Անոնք երկուքը իրարու հետ գործակցած են,...

Յաջորդաբար 4-րդ Տարին Ըլլալով` Թուրէ Ընտրուեցաւ Ափրիկէի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Մանչեսթըր Սիթիի եւ Փղոսրկեայ Ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Եայա Թուրէ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով ընտրուեցաւ Ափրիկէի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Այսպիսով, 31 տարեկան Թուրէ կը հանդիսանայ առաջին ֆութպոլիստը, որ այդ տիտղոսին կը տիրանայ յաջորդաբար չորրորդ անգամն ըլլալով: Սակայն պէտք է նշել, որ քամերունցի Սամուէլ Էթու այս տիտղոսին տիրացած էր 4 անգամ (2003-ին, 2004-ին, 2005-ին եւ 2010-ին):  

Ռոպերթ Արզումանեան Միացաւ Ամքարի

Երէկ, ռուսական Ամքար ֆութպոլի ակումբը սկսաւ գարնանային շրջանի իր նախապատրաստական հանգրուանին: Ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող խումբին միացաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան, որ ամրան ընթացքին պայմանագիր մը կնքած էր ռուսական այդ խումբին հետ: Ամքարի ուսումնամարզական հաւաքը պիտի տեւէ մինչեւ 23 յունուար, որուն ընթացքին անիկա պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում, առաջինը`...

«Ֆորմիւլա-1». 2016-էն Սկսեալ 18 Տարեկանէն Վար Վարորդներ Պիտի Չըլլան

Ֆրանսական «լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՖԻԱ-ն «Ֆորմիւլա-1»-ին առնչուող նոր օրէնքներու որոշումներ տուած է: Այդ որոշումներէն մէկը այն է, որ 2016-էն սկսեալ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցող վարորդներուն տարիքը նուազագոյնը պէտք է 18 տարեկան ըլլայ: Այդ որոշումին ուժի մէջ մտնելէն ետք վարորդներէն պիտի պահանջուի քիչ մը աւելի ցած մակարդակի մրցումներու մասնակցութեան նուազագոյն երկու տարուան փորձառութիւն ունենալ:  

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, քննելէ ետք իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը, վաւերացուց կատարուած մրցումներուն արդիւնքները եւ հրապարակեց շաբաթավերջին տեղի ունենալիք հանդիպումներուն յայտագիրը: Վաւերացուեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, եւ անոնց լոյսին տակ հրապարակուեցաւ քառորդ աւարտականի մրցումներուն յայտագիրը: Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը հետեւեալն է. ՇԱԲԱԹ, 10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ    ԴԱՇՏ Շապապ Սահել -...

Օլիմփիաքոս Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Օլիմփիաքոս յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ իր 51 տարեկան մարզիչ Միչել Կոնզալեսը: Անոր պաշտօնազրկման մասին որեւէ պատճառ չտրուեցաւ յունական ակումբէն: Կոնզալես, որ փետրուար 2013-էն ի վեր կը վարէ իր այս պաշտօնը, երկու անգամ հանդիսացած է Յունաստանի ախոյեան եւ մէկ անգամ ալ երկրի բաժակակիր: Ան մինչեւ յունիս 2015 պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր իր կազմին հետ: ArmSport.am...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան  7-րդ Հանգրուանին Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղոց Խումբին Կատարելիք Դարձի Մրցումներուն Յայտագիրը

Երեքշաբթի, 13 յունուարին կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց այդ մրցումներուն յայտագիրը: Դարձի մրցումները կ՛աւարտին 1 մարտին` Ռիատի - Սաժես մրցումով: Ստորեւ կու տանք դարձին ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբին կատարելիք մրցումներուն յայտագիրը. 8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՈՒՐԲԱԹ, 16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ ՀՄԸՄ - Մութթահետ 17:50 Աղբալեան 9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ Սաժես -...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան  7-րդ Հանգրուանին Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Երթի Մրցումներուն Բարեփոխուած Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումներուն գծով ցարդ կատարուած են միայն երեք հանգրուանի ճակատումներ: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց բարեփոխուած նոր յայտագիրը: Այսպիսով, երթի մրցումները կ՛աւարտին 6 փետրուարին: Ստորեւ` նոր յայտագիրը. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԺԱՄ ԴԱՇՏ ՈՒՐԲԱԹ, 9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ Ռիատի Պէյրութ - Հուփս 19:00 Ռիատի Անդրանիկ Պէյրութ - ՀՄԸՄ Պէյրութ 20:30 Տեմիրճեան Այնթուրա - Մութթահետ 20:30 Այնթուրա ՇԱԲԱԹ,...

Մխիթարեան Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Մխիթարեան Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ վիրաւոր էր, իր ծունկին ստացած վնասուածքէն ետք այժմ վերսկսած է իր փորձերուն, սակայն` անհատական ծրագիրով: Կը կարծուի սակայն, որ ան շուտով պիտի միանայ իր խմբակիցներուն` պատրաստուելու համար «Պունտըսլիկա»-ի դարձի մրցումներուն: Նշենք, որ դարձի մրցումներուն նախօրեակին, Տորթմունտ այժմ կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը:  

Ճատրակ. Վահէ Պաղտասարեան Ամբողջացուց Կրանտմասթըրի Չափանիշը

Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ 22 տարեկան հայրենի միջազգային վարպետ Վահէ Պաղտասարեան հոլանտական Կրոնինկըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին ամբողջացուցած է կրանտմասթըրի չափանիշը: ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքին հաղորդումով, ցարդ Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 37 կրանտմասթըր եւ 25 միջազգային վարպետ: Ներկայիս Վահէ Պաղտասարեանի վարկանիշը կը կազմէ 2372 կէտ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Շանվիլ – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ – Մութթահետ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, այսօր, երեկոյեան ժամը 17:50-ին, Շանվիլ Տիք Մըհտիի մէջ կը հիւրընկալէ Մութթահետը: Մնացեալ երեք մրցումները տեղի կ՛ունենան շաբաթավերջին:

Թենիս. 2014 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւնը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կատարեց 2014 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` տարբեր դասակարգերու մէջ տիտղոսակիրներուն եւ մրցանակային տեղեր գրաւողներուն: Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին նախագահը` Սամիր Սալիպա, իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհաւորելով մրցանակակիրները, յոյս յայտնեց, որ 2015-ին անոնք դարձեալ բարձրանան պատուոյ պատուանդաններուն վրայ: Ան յոյս յայտնեց, որ այս մարզը կիրարկուի վարժարաններուն մէջ ալ,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Սաֆա Իր Կազմին Միացուց Երեք Օտարականներ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաֆա Իր Կազմին Միացուց Երեք Օտարականներ

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի դարձի մրցումներուն աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար, Սաֆա իր կազմին միացուց երեք օտարականներ: Անոնք են` նիկերիացի յառաջապահ Ահմետ Քազեմ (25 տարեկան), հոլանտացի միջնապահ Էրիքսըն Միքայէլ Ամոլֆ (26 տարեկան) եւ պրազիլցի յառաջապահ Օլպըրտամ Տի Օլիվէյրա (30 տարեկան): Նշենք, որ Սաֆա երթի մրցումները աւարտեց 5-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 15 կէտ: Խումբը...

Լեւոն Հայրապետեան Լքեց Պրիպրամը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան լքեց իր ակումբը` Պրիպրամը, յայտնեց չեխական ակումբին պաշտօնական կայքը: Ընթացիկ ախոյեանութեան միջոցին, հայ ֆութպոլիստը ընդհանրապէս չէր մասնակցեր ակումբին կատարած մրցումներուն: Նախորդ ամսուան աւարտին, Հայրապետեան կարճատեւ հարցազրոյց մը ունենալով հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am-ին հետ, յայտնած էր, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին գծով ցարդ յստակ ոչինչ կայ:  

Իր Պաշտօնը Չկորսնցնելու Համար. Լուիս Էնրիքէ Պէտք Է 2 Մրցումի Յաղթէ

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Մունտօ Տեփորթիվօ» կայքը, քաթալոնական Պարսելոնայի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ իր դիմաց ունի դժուար առաքելութիւն մը. անհրաժեշտ է, որ իր կազմը յաջորդ երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրէ, որպէսզի ան չհետեւի նախորդ 5 յունուարին պաշտօնանկ եղած մարզական տնօրէն Անթոնի Սուպիսարեթթայի օրինակին: Անկէ կը պահանջուի Էլչէի (Սպանիոյ բաժակ) եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի («Լա լիկա») դէմ անպայման յաղթանակ արձանագրել: Բացի ատկէ, սպանացի մասնագէտին խորհուրդ...

Եւրոպական Ֆութպոլ  Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Երկու Մրցումներ

Եւրոպական Ֆութպոլ Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Երկու Մրցումներ

Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 9 յունուարին, տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ: Առաջինը, որ ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ, իրարու դէմ պիտի հանէ Մոնփելիէն եւ Մարսէյը: Մարսէյ, որ այժմ 41 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, երկու կէտով կը գերազանցէ Փարիզ Սեն Ժերմենը (2-րդ): Այսօրուան երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ մէջ, ուր ժամը 21:45-ին (Պէյրութի...

Page 1272 of 1274 1 … 1,271 1,272 1,273 1,274

Արխիւներ