Մարզական

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները: Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Շապապ Սահել - Ահտ` 2-1, Անսար - Ռասինկ` 1-0, Թրիփոլի - Շապապ Ղազիէ` 1-0 եւ Նըժմէ - Ահլի Սայտա` 1-0: Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի 4-րդ հանգրուանին, արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Ա. ԽՄԲԱԿ.- Ամալ Մաարաքէ -...

Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Տուպայի 26-րդ Միջազգային Մրցաշարքը

Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Տուպայի 26-րդ Միջազգային Մրցաշարքը

Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) պասքեթպոլի միջազգային 26-րդ միջազգային մրցաշարքը կը սկսի այսօր: Մրցաշարքին ընթացքին 9 խումբեր պիտի պայքարին տիտղոսին համար: Այս մրցաշարքին Լիբանանը պիտի ներկայացնեն լիբանանեան երկու խումբեր` Սաժես եւ Ռիատի, որոնք այսօր` մրցաշարքին բացման օրը, մրցում ունին կատարելիք: Ստորեւ` մրցաշարքին մասնակցող խումբերուն անունները. Ա. ԽՄԲԱԿ.- Ռիատի (Լիբանան), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբ, Զամալեք (Եգիպտոս), Իթթիհատ (Լիպիա) եւ Նելքես (Ֆիլիփեան...

Փրօ Արտօնագիրի Դասընթացքներուն Համար Մարզիչները Պէտք Է Վճարեն 2,5 Միլիոն Դրամ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մարզիչի Ա., Բ. եւ ՓՐՕ արտօնագիր ստանալու դասընթացքներուն մասնակցելու համար կարելի է դիմումներ ներկայացնել: Բ. կարգի արտօնագիրի դասընթացքներուն համար մասնակցող մը պէտք է վճարէ 200 հազար դրամ, իսկ Ա. կարգի արտօնագիրի համար` 400 հազար դրամ: Իսկ ՓՐՕ կարգի արտօնագիր ձեռք ձգել ուզողները այդ դասընթացքներուն հետեւելու համար պէտք է վճարեն 2,5 միլիոն...

Հեծելարշաւի Մարզիչներու Յատուկ Դասընթացքներ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ զօրակցութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին, այսօր` հինգշաբթի, 15 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ պիտի սկսին մարզիչներու պատրաստութեան յատուկ դասընթացքներ (Ա. կարգի): Այդ դասընթացքները պիտի տեւեն մինչեւ 25 յունուար, ամէն օր, ժամը 15:00-էն 22:00: Անոնց պիտի հսկէ իրանցի միջազգային փորձառու մասնագէտ Մաժիտ Նասրի:

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ Կը Նախապատրաստուի

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ կը նախապատրաստուի 21 փետրուարին Պերլինի մէջ (Գերմանիա) գտնուող «02-World» մարզահամալիրին մէջ Փոլ Սմիթի դէմ տեղի ունենալիք փոխվրէժի մենամարտին: Նշենք, որ նախորդ տարուան սեպտեմբերին Աբրահամ 12 ռաունտ տեւած մենամարտէ մը ետք, իրաւարարներու միաձայն որոշումով 117-111, 117-111, 119-109 կէտերու բացարձակ առաւելութեամբ յաղթեց Սմիթին: Ասիկա պիտի ըլլայ զոյգ կռփամարտիկներուն միջեւ երկրորդ մենամարտը, իր լուրը...

Ճատրակ. Վիյք Աան Զիի Մրցաշարք. Արոնեան Եւ Սեւեան Ապահոված Են 1,5-Ական Կէտ

Սամուէլ Սեւեան Հոլանտական Վիյք աան Զիի ճատրակի միջազգային փառատօնին շրջագիծին մէջ, երէկ կատարուեցան 4-րդ հանգրուանի մրցումները: Ա. մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ազգային խումբի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ երկու հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք կրած էր պատութիւն մը, իր կատարած 4-րդ մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վոյթասզեքի հետ: Արոնեան, որ այժմ 1,5 կէտով կը գրաւէ 10-րդ դիրքը, 2 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի...

IFHHS-ի 2014-ի Ակումբներու Դասաւորում. Ռէալ Մատրիտ` Առաջին Դիրքին Վրայ

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը` IFHHS, հրապարակեց 2014-ի ակումբներուն վերջնական դասաւորումը: ArmSport.am նշեց, առաջին դիրքին վրայ կէտերու մեծ տարբերութեամբ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտ, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 381 կէտ: Անոր կը յաջորդեն Պայէրն Միւնիխ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ: Ստորեւ` 2014 տարուան վերջնական դասաւորումը. ԿԷՏ 1.- Ռէալ Մատրիտ (Սպանիա) 381 2.- Պայէրն Միւնիխ (Գերմանիա) 276 3.- Աթլեթիքօ Մատրիտ (Սպանիա) 267...

Տորթմունտ Կը Ծրագրէ Բարձրացնել Մխիթարեանի Աշխատավարձը Եւ Հրաժարագինը

Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին լուրեր տարածուած են, թէ Եուվենթուս ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ եւ կը փորձէ անկարելին ընել իր կազմին մէջ տեսնելու համար Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը: Գերմանական մամուլին համաձայն, գերմանական ակումբը չ՛ուզեր կրկնել անցեալի իր սխալները, երբ Մարքօ Ռոյսի պայմանագիրին մէջ հրաժարագին սահմանած էր 25 միլիոն եւրօ: Կը հաղորուի, որ Տորթմունտ, կը ծրագրէ երկարաձգել...

Ռոստոմեան. «2015-ը Պիտի Ըլլայ Քիչ Մը Ծանրաբեռնուած»

Նախանցեալ օր Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան կատարուելիք աշխատանքները: Ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան ընդգծեց, որ 2015-ը պիտի ըլլայ սովորականէն աւելի ծանրաբեռնուած տարի մը` նկատի ունենալով, որ Հայաստան կը պատրաստուի մասնակցելու միջազգային շարք մը մրցաշարքերու: Ատկէ բացի, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան համահայկական 6-րդ խաղերը: Ռոստոմեան յատուկ յանձնարարութիւններ տուաւ հաւաքականի խումբերուն պատասխանատուներուն` նշելով,...

ՖԻՖԱ-ն Ակումբներուն 39,3 Միլիոն Եւրօ Վճարեց

Իր լուրը քաղելով ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am կայքը յայտնեց, որ ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց ցանկը այն ակումբներուն, որոնք իրմէ նիւթական գումարներ ստացան, ազգային խումբերու մաս կազմող իրենց այն ֆութպոլիստներուն համար, որոնք վնասուածք ստացած էին: Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ակումբները յատուկ ծրագիրով ստացած են 39,3 միլիոն եւրօ: «Քլապ Փրոթեքշըն» ծրագիրը սկսաւ 2012-ին, որպէսզի փոխհատուցում վճարէ ակումբներուն` ազգային խումբերուն հետ մրցումներ կատարած եւ վնասուածք ստացած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պըրժ Այնթուրա

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 14 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Պըրժ Այնթուրայի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները: Նշենք, որ վաղը` հինգշաբթի, 15 յունուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, նոյն վայրին...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները պիտի սկսին այս շաբաթավերջին, յաջորդաբար ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» եւ «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտերուն վրայ, 17 եւ 18 յունուար, 2015-ին, հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. Շաբաթ, 17 յունուար, 2015 (ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ) ԺԱՄ Յառաջ - ԿԲՎ (Մեծ) 14:00 Շամլեան - Խանամիրեան (Փոքր) 14:00 Աւետ. Այնճար - Սոֆիա (Միջակ) 14:00 Յառաջ...

Արթուր Աբրահամ Ֆութպոլի Մրցումի Մը Մասնակցեցաւ Փոտոլսքիի Խումբին Հետ

Գերմանական Կումերսպախ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բարեգործական մրցում մը, որ կազմակերպած էր Ինթեր Միլանի նորեկ մարզիկ Լուքաս Փոտոլսքի: Այս հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ գերմիջին կարգի «WBO»-ի աշխարհի գործող ախոյեան Արթուր Աբրահամ: Փոտոլսքիի խումբին եւ Քալիի խումբին միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումին նշանակուեցաւ 17 կոլ: Նշանակուած այդ կոլերուն մէջ իր բաժինը ունեցաւ հայազգի կռփամարտիկը, կը յայտնէ ArmSport.am: Այս մրցումին մասնակցած են...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ Յաղթեց Հուփսին` 77-65 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Յաղթեց Հուփսին` 77-65 Արդիւնքով

Ռիատի Պէյրութ - Հուփս երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ երեկոյեան Ռիատի Պէյրութ իր դաշտին` Մանարայի մէջ հիւրընկալեց Հուփսը: Հիւրընկալ կազմը արձանագրեց տարեշրջանի իր 7-րդ յաղթանակը` 77-65 արդիւնքով (20-20, 44-35, 59-50 եւ 77-65) յաղթելով իր հիւրին: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հուփսի մարզիկներէն Թայրըն Նելսըն` 16 կէտ եւ 15...

Ֆութսալ. Հայաստանի Հաւաքականը Կատարեց Իր Առաջին Փորձերը` Շուէտի Մէջ

Ինչպէս նախապէս հաղորդուած էր, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը նախանցեալ օր մեկնեցաւ Շուէտ, ուր 14-17 յունուարին Եւրոպայի ֆութսալի 2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին պիտի մասնակցի: Հայրենի կազմին մրցակիցները պիտի ըլլան Շուէտ, Իսրայէլ եւ Սկովտիա: Հայաստանի հաւաքականը իր հասնելուն օրը կատարեց իր առաջին փորձը, իսկ երէկ անոր յաջորդեց այլ փորձ մը: Նշենք, որ այսօր, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 22:45-ին, Հայաստան պիտի կատարէ իր առաջին...

Sportbox.ru Կը Յայտնէ. Մովսիսեանի Կոլի Փոխանցումը Լաւագոյնն Էր Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Ընթացքին

Ռուսական Sportbox.ru կայքը իր ընթերցողներուն ուղղած է հարցում մը, որպէսզի պարզուի, թէ կոլի ո՞ր փոխանցումը Ռուսիոյ «փրեմիեր լիկ»-ի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան լաւագոյնն է: Յաղթական ճանչցուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի միջնապահ Եուրա Մովսիսեանի կրունկով կատարած փոխանցումը` Քուինսի Փրոմեսին, երբ անոնց կազմը 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մոլտովայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (14-րդ հանգրուան): Ի նպաստ Մովսիսեանի քուէարկած է...

Մխիթարեան Չ՛ուզեր Հեռանալ Տորթմունտէն

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ Եուվենթուսի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է: Սակայն գլխաւոր խոչընդոտը այն է, որ Մխիթարեան չ՛ուզեր լքել իր ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտը: Իտալական մամուլին համաձայն, Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի պատասխանատուները նաեւ աշխատանք կը տանին եւ կը փորձեն համոզել հայ ֆութպոլիստը, ապա կ՛ուզեն բանակցութիւններու...

Ալեքսանտր Թումասեան Փորձառական Շրջան Մը Պիտի Անցընէ Ուֆայի Հետ

15 յունուարին ռուսական Ուֆա ֆութպոլի ակումբը Կիպրոսի մէջ գտնուող Այա Նափա քաղաքին մէջ ուսումնամարզական հաւաքի մը պիտի սկսի, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը: Հաւաքին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Ալեքսանտր Թումասեան: 22 տարեկան միջնապահը Ուֆայի յետսապահ Տենիս Թումասեանի եղբայրն է: Նշենք, որ Ուֆային մաս կը կազմէ նաեւ հայազգի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ:

«Էն. Պի. Էյ.» Կառնեթ – Հաուըրտ Միջադէպ` Առանց Ծեծկռտուքի

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան չորս ճակատումներ: Անոնցմէ մէկը` Հիուսթըն Ռոքեթց - Պրուքլին Նեթց, պիտի աւարտէր ծեծկռտուքով, եթէ իրաւարարը միջամուխ չըլլար Քեւին Կառնեթի (Նեթց) եւ Տուայթ Հաուըրտի միջեւ տեղի ունեցած ընդհարումին: Վերջնական յաղթանակը տարաւ Ռոքեթց` 113-99 արդիւնքով: Մնացեալ երեք մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Պոսթըն Սելթիքս - Նիւ Օրլինզ 108-100 Տիթրոյիթ Փիսթընզ - Թորոնթօ Ռեփթըրզ 114-111...

Անելքային Կ՛արգիլուի Ալճերիական Խումբի Մը Մաս Կազմել

Ալճերիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ֆրանսացի անուանի ֆութպոլիստ Նիքոլա Անելքային արգիլուեցաւ մաս կազմել ալճերիական Հիւսէյն Տէյ ակումբին` նկատի ունենալով, որ երկրին գործող օրէնքին համաձայն, ակումբները իրաւունք չունին իրենց կազմին միացնելու վեթերան ֆութպոլիստներ, որոնց տարիքը 27 տարեկանէն վեր է եւ իր երկրին ազգային հաւաքականին անդամ չէ: Նշենք, որ 35 տարեկան Անելքա, մտադիր էր մէկուկէս տարուան...

Page 1270 of 1274 1 … 1,269 1,270 1,271 … 1,274

Արխիւներ