Ուլիս Երեւանի բաժնետէր Վալերի Յովհաննիսեան այս շաբաթասկիզբին մեկնեցաւ Պրազիլ:
Ուլիսի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ խումբին մէջ տեղի պիտի ունենան ֆութպոլիստներու փոփոխութիւններ:
Տասը օրուան ժամանակամիջոցին Յովհաննիսեան պիտի ընտրէ այն մարզիկները, որոնք շատ հաւանաբար ամբողջացնեն երեւանեան խումբը:
ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ Յովհաննիսեան Պրազիլ մեկնեցաւ քանի մը ակումբներու հետ նախնական համաձայնութեան գալէ ետք: Ընտրուած մարզիկները խումբին պիտի միանան Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա), ուր հայկական ակումբը, 25 յունուարին ուսումնամարզական հաւաքի մը պիտի սկսի: