
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ արժանացաւ ՖԻՖԱ-ի 2014-ի «Ոսկիէ գնդակ»-ին:
Նշենք, որ ան այսպիսով 3-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին. առաջինը` 2008-ին:
Տեղի ունեցած այս քուէարկութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆութպոլի ազգային խումբերու մարզիչներն ու խմբապետները, ինչպէս նաեւ լրագրողներ` տարբեր երկիրներէ:
Ռոնալտօ ապահովեց տեղի ունեցած քուէարկութեան 37,66 առ հարիւրը:
2-րդ դիրքը գրաւեց Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի (15,76 առ հարիւր), իսկ 3-րդ եւ վերջին դիրքը` Պայէրն Միւնիխի գերմանացի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր (15,72 առ հարիւր):
Իսկ 2014-ի տարուան լաւագոյն մարզիչը ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Եոաքիմ Լոյեւ: