19 յունուարին կը սկսի տարուան առաջին` Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը:
Մրցաշարքին կազմակերպիչները անոր ազդանշանը չտրուած յայտարարեցին, որ անոր մրցանակային ֆոնտը աւելցած է 7 միլիոն ամերիկեան տոլարով, այսինքն` ընդամէնը բարձրանալով 40 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
Tennispanorama.com-ի համաձայն, այս տարի տղոց եւ աղջկանց տիտղոսակիրները (իւրաքանչիւրը) պիտի ստանան 3,1 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ Ա. հանգրուանէն դուրս մնացողները` 34,500 ամերիկեան տոլար:
Բաղդատած 2007-ին, անոր մրցանակային ֆոնտը աւելցած է երկու անգամով, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: