Միջազգային մամուլին համաձայն, Մերսետեսի վարորդ, «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի գործող ախոյեան Լուիս Հեմիլթըն մօտ է իր խումբին հետ նոր պայմանագիր մը ստորագրելուն:
Ինչպէս կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ» կայքը, նոր պայմանագիրին կնքումով 30 տարեկան վարորդը ամէն տարի պիտի գանձէ 25 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, ինչ որ անգլիացին պիտի դարձնէ «Ֆորմիւլա-1»-ի պատմութեան մէջ ամէնէն բարձր վարձատրուող վարորդը:
Հեմիլթըն, որ 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ «Մերսետես»-ին, անոր հետ երկու անգամ հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան: