Նախորդ շաբաթավերջին հոլանտական Վէյք ան Զի քաղաքին մէջ սկսաւ «Թաթա Սթիլ»-ի ճատրակի փառատօնը:
Ա. մրցաշարքին Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար` Լեւոն Արոնեան (2799) Ա. հանգրուանին սեւ քարերով մրցեցաւ խրուաթ կրանտմասթըր Իվան Շարիչի (2666) հետ:
Անոնց միջեւ մրցումը 32-րդ շարժումին աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:
Արոնեան, որ 2-րդ հանգրուանին մրցեցաւ Անիշ Կիրիի հետ (Հոլանտա), արձանագրեց այլ հաւասարութիւն մը եւս: