Գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթին հրապարակած մէկ լուրին համաձայն, Վոլֆսպուրկի 20 տարեկան միջնապահ Ժունիոր Մալանտա Գերմանիոյ մէջ մահացած է ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով:
Տեղւոյն ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ պելճիքացի ֆութպոլիստը շատ մեծ արագութեամբ կը վարէր իր ինքնաշարժը եւ տեղատարափ անձրեւուն միջոցին կորսնցուցած էր իր հաւասարակշռութիւնը` զարնուելով ծառի մը:
2013-ին Վոլֆսպուրկի միացած Մալանտա մաս կը կազմէր պելճիքացի 21 տարեկանէն վար ազգային խումբին: Ան այս տարեշրջանին Վոլֆսպուրկի հետ դաշտ ներկայացաւ 15 մրցումի ընթացքին: