
Նախորդ շաբաթավերջին Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) աւարտեցաւ Ճատրակի արաբական ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ երկիրներու ճատրակի ախոյեանները` իրենց դասակարգերուն մէջ:
Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ վեց խաղացողները. Մոհամետ Ժաուիշ, Հրակ Լախեան, Ժաուատ Ֆարհաթ, Քարիմ Համաուի, Մոհամետ Համատ եւ Իպրահիմ Շահրուր:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Ալի Ժաուիշ:
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ խմբագրութեանս հասած ե-նամակին մէջ նշուած էր, որ լիբանանցի խաղացողները կրնային շատ աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրել, եթէ անոնց անցագիրները չուշանային: Լիբանանցի երեք խաղացողներ ախոյեանութեան պաշտօնական բացումէն ետք հասան Ապու Տապի:
Սակայն հակառակ ատոր, 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Իպրահիմ Շահրուր Լիբանանին ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը, երբ 6,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ արաբական երկիրներու ախոյեան:
Ստորեւ կու տանք անունները մրցաշարքին ախոյեան հանդիսացողներուն եւ լիբանանցիներուն ապահոված կէտերը).
8 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.
Ախոյեան` եգիպտացի Ահմետ Թամեր (8 կէտ). լիբանանցի Մոհամետ Ժաուիշ` 5 կէտ
10 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.
Ախոյեան` յորդանանցի Սէյֆ Մալեք (8 կէտ). լիբանանցի Հրակ Լախեան` 4 կէտ
12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
Ախոյեան` իրաքցի Հապիպ Մուազզազ (7,5 կէտ). լիբանանցի Ժաուատ Ֆարհաթ` 4,5 կէտ
14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.
Ախոյեան` եգիպտացի Ատհամ Անտիլ (8 կէտ). Լիբանան մասնակցող չունէր
16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.
Ախոյեան` եգիպտացի Ատհամ Ֆաուզի (9 կէտ) լիբանանցի Քարիմ Համաուի` 3 կէտ
18 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.
Ախոյեան` Արաբական Միացեալ Էմիրութենէն Իպրահիմ Սուլթան (8 կէտ) լիբանանցի Մոհամետ Համատ` 3 կէտ
20 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.
Ախոյեան` լիբանանցի Իպրահիմ Շահրուր (6,5 կէտ):