
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 10 յունուարին, ՀՄԸՄ իր դաշտին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց զօրաւոր նկատուող Թատամոնը, որ իր կազմին մէջ ունի լաւ մարզիկներ:
Սակայն նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ կար պայքարի ոգին, յաղթելու վճռակամութիւնը եւ իրենց համակիրներուն յաղթանակ նուիրելու պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը, ՀՄԸՄ աւելի զօրաւոր ելաւ Թատամոնէն եւ երկարաձգումէն ետք յաղթեց իր հիւրին` 83-77 արդիւնքով (26-18, 41-39, 57-54, 72-72 եւ 83-77):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ երթի մրցումները աւարտեց երրորդ պատուաւոր դիրքին վրայ:
Շաբաթ օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ` անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը).
Մարիօ Ապպուտ (00′ 53), Ռաշատ Մաքքանթց (43′ 56″, 24 կէտ, 9 ռիպաունտ, 7 էսիսթ), Սեւակ Քեթենճեան (41′ 47″, 3 կէտ, 2 ռիպաունտ, 7 էսիսթ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (45′ 00″, 22 կէտ եւ 17 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (14′ 04″, 5 կէտ), Ճիմի Սալեմ (35′ 10″, 11 կէտ, 2 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (44′ 06″, 18 կէտ, 11 ռիպաունտ, 3 էսիսթ):
Թատամոնէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Վլատան Վուքոսավլեւիչ (41′ 23″, 19 կէտ, 9 ռիպաունտ), ապա Թարեք Ամմուրի (34′ 34″, 17 կէտ, 10 ռիպաունտ), եւ Ռէյշուըն Թերի (41′ 13″, 16 կէտ, 15 ռիպաունտ, 4 էսիսթ):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Փոլ Սքայեմ:
Այս մրցումին տեղի ունեցած ժամուն, Պիպլոս, որ հիւրընկալեց Հուփսը, 87-59 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (28-13, 48-24, 69-36 եւ 87-59):
Պիպլոսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մոհամետ Իպրահիմ (32′ 40″, 17 կէտ), իսկ Հուփսէն` Թայրըն Նելսոն (31′ 22″, 14 կէտ, 15 ռիպաունտ):
Նշենք, որ երթի մրցումները աւարտեցան երէկ` Սաժես – Ռիատի մրցումով: Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Սաժեսի յաղթանակով, 97-74 արդիւնքով: Այսպիսով, Սաժես երթի մրցումները աւարտեց պարագլուխի դիրքին վրայ, մինչ Ռիատի գրաւեց 2-րդ դիրքը, ապա ՀՄԸՄ` 3-րդ: