Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած «Փոքալ Թրզինա-2015» հրացանաձգութեան միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 9 երկիրներէ 221 հրացանաձիգներ:
Այս մրցաշարքին Հայաստանը կը ներկայացնէր ազգութեամբ գերմանացի Քրիսթիան Լաուեր, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ան յաջողեցաւ այս մրցաշարքին արծաթ մետալ մը ապահովել Հայաստանի համար, կը յայտնէ Հայաստանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնին կայքը:
Նշենք, որ անոր մարզիչն է Անդրանիկ Այվազեան: