Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ուրբաթ, 23 յունուարին, երեկոյեան ժամը 21:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ 2014 տարուան փինկ փոնկի ախոյեաններուն մրցանակաբաշխութիւնը, «ԶՈՆ» ճաշարանին մէջ (Մանսուրիէ)` հովանաւորութեամբ լիբանանցի գործատէր Ուատիհ Ապսիի: