Երէկ` երկուշաբթի, 12 յունուարին, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Շուէտ, ուր 14-17 յունուարին տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը:
Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Շուէտ, Իսրայէլ եւ Սկովտիա:
Հայրենի կազմը վերոնշեալ երեք խումբերուն դէմ պիտի մրցի յաջորդաբար 14, 15 եւ 17 յունուարին:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարեթեան: