Նախորդ շաբաթավերջին Եգիպտոսէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի Տիւյաթլոնի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Տիւյաթլոնի (հեծելարշաւ եւ վազք) արաբական ախոյեանութեան:
Լիբանան յաջողեցաւ այս ախոյեանութեան լաւ արդիւնք ձեռք ձգել` տիրանալով մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալի:
Հաննա Պու Ֆարհաթ իր տարիքային բաժինին մէջ (30-34 տարեկան) տիրացաւ ոսկի մետալի, մինչ ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի արծաթ մետալին, ատոր տիրացաւ Քարոլ Պոյաճեան:
Այս ախոյեանութեան մասնակցող երրորդ մարզիկը` Գէորգ Ալթունեան, թէեւ տպաւորիչ արդիւնք ձեռք ձգեց, սակայն չյաջողեցաւ առաջին երեք դիրքերէն մէկուն մէջ ըլլալ:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի գանձապահ Պետիկ Լոճիկեան: