ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ 24-31 յունուարին Քուէյթի մէջ տեղի ունեցող հրացանաձգութեան 4-րդ միջազգային կրան փրիին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` հետեւեալ մասնակիցներով. Մարիամ Միքայէլեան, Զարեհ Իգիթեան եւ Նորայր Առաքելեան:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արեգ Սարիբեկեան:
Մարիամ Միքայէլեան, որ մասնակցեցաւ 10 մեթր (40 կրակոց) երիտասարդ աղջիկներու մրցումին, 408,7 կէտ ապահովելով գրաւեց 3-րդ դիրքը` տիրանալով պրոնզ մետալի: Այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 11 երկիրներու 16 ներկայացուցիչներ:
Ինչ կը վերաբերի Նորայր Առաքելեանին եւ Զաւէն Իգիթեանին, անոնք հանդէս պիտի գան 29 յունուարին` մասնակցելով օդամղիչ ատրճանակի մրցումներուն: