
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Երէկ` երեքշաբթի, 27 յունուարին տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ եւ ճակատագրական ճակատումը` նախորդ տարեշրջանի ախոյեան Պէյրութի դրամատան եւ Մայատինի միջեւ:
Նկատի ունենալով, որ անոնց միջեւ չորս հանդիպումները կ՛ընթանային 2-2 հաւասարութեամբ, այս մրցումը եղաւ ճակատագրական:
Շուրջ 1700 հանդիսատեսներու ներկայութեան ընթացած մրցումին աւարտին Պէյրութի դրամատունը տիտղոսը պահեց իր մօտ` 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
Աւարտին մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար եւ այլ անձեր: