Սպանական «Մունտօ Տեփորթիւօ» օրաթերթին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնա ակումբը կը պատրաստուի հրաժարիլ «Քաթար Էրուէյզ» օդանաւային ընկերութեան հետ իր համագործակցութենէն:
Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Պարթոմէու յայտարարեց. «Պիտի ընտրենք այլ տարբերակներ: Մենք պարտաւոր ենք այդ մէկը կատարել: Այժմ կը գտնուին ընկերային եւ քաղաքական գործօններ, որոնք 4 տարի առաջ չկային, երբ մենք պայմանագիր կը կնքէինք: Շատ կարեւոր է լաւագոյն տարբերակը ընտրել մեր ակումբին համար»:
Նշենք, որ Պարսելոնայի հետ «Քաթար Էրուէյզ»-ի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2016-ին:


