Իր լուրը քաղելով Շիրակ Գիւմրիի ակումբին մամլոյ քարտուղարութենէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Գոռ եւ Էտկար Մալաքեան եղբայրները 6 ամսուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեցին խումբին հետ: Անոնց ստորագրած պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 31 յուլիսին:
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին սկիզբը Մալաքեան եղբայրները մաս կազմեցին Ալաշկերտի, որուն հետ սակայն իրենց պայմանագրութիւնը խզեցին այս տարուան սկիզբը:
Նշենք, որ հայրենի ակումբը` Շիրակ, անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին իր կազմին միացուց սենեկալցի 20 տարեկան միջնապահ Ուսէյնու Տիոպը: