Չելսիի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ երէկ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 25 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան բողոքած էր եւ քիչ մըն ալ կարծր քննադատութեամբ իր դժգոհութիւնը յայտնած նախորդ 28 դեկտեմբերին (19-րդ հանգրուան), երբ Սաութհեմփթընի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»ի մրցումին (1-1) օրուան իրաւարարը իր կազմին ի նպաստ փենալթի մը չէր սուլած: