Ղանայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Քվեսի Նիանթաքյի յայտարարեց, որ ափրիկեան երկիրներու մեծամասնութիւնը պիտի աջակցի ՖԻՖԱ-ի գործող նախագահ Սեփ Պլեթըրին, երբ մայիս 2015-ին տեղի ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
«Ափրիկէն գրեթէ միաձայն Պլեթըրին կը զօրակցի: Ան մեծ հեղինակութիւն ունի մեր ցամաքամասին մէջ եւ անոր շատ բաներով օգտակար հանդիսացած է: Ան այնպիսի մարդ մըն է, որ նիւթական օգնութեան ծրագիրներ ստեղծած է Ափրիկէի համար: Եւրոպացիները ասիկա չեն հասկնար», Նիանթաքյիի խօսքերը կը մէջբերէ «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը: