
Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, 7-րդ դասուած չեխ Թոմաս Պերտիչ շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց 3-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալը` 6-2, 6-0 եւ 7-6 արդիւնքով:
Բնականաբար, այս յաղթանակը Պերտիչի համար պիտի ըլլայ անմոռանալի եւ յիշատակելի իրադարձութիւն մը` նկատի ունենալով որ ան յաջորդական 17 մրցումներու ընթացքին չէր յաջողած յաղթել սպանացիին, որ տիրացած է 14 կրան շլեմի տիտղոսներու:
Պերտիչ, որ 2010-ին Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի քառորդ աւարտականին յաղթած էր վեց անգամ ախոյեան հանդիսացած (Ուիմպըլտընի մէջ) Ռոժէ Ֆետերերին, կիսաւարտականին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Էնտի Միւրէյը, (Անգլիա, 6-րդ), որ 6-3, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց Նիք Քիրկիոսի (Աւստրալիա):

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն, 27 տարեկան ռուս Մարիա Շարափովա, որ դասուած է 2-րդ, յաղթելով 7-րդ դասուած քանատացի Էօժենի Պուշարի (6-3 եւ 6-2), ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ Շարափովա 20 տարեկան իր մրցակիցին յաղթեց 78 վայրկեանի ընթացքին:
Կիսաւարտականին Շարափովա իր դէմ պիտի ունենայ իր ազգակիցը` 10-րդ դասուած Էքաթերինա Մաքարովան, որ 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց 3-րդ դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփի: