3 հայ մարմնամարզիկներ կը պատրաստուէին Լոս Անճելըս մեկնիլ` մասնակցելու համար Ալպերթ Սարգսեանի անուան տարեկան մրցաշարքին:
ArmSport.am-ի հետ իր ունեցած զրոյցին մէջ, մարմնամարզիկներուն մարզիչը` Յակոբ Սերոբեան ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը անոնց անցագիր չէ տուած:
«Անոնք երեքը դեսպանատան կողմէ այցեգիր չստացան: Միայն ես եմ, որ այցեգիր ստացայ: Մերժումին համար որեւէ բացատրութիւն չտրուեցաւ, այլ միայն ստացանք նամակ մը, ըստ որուն մարզիկները չեն կրնար Միացեալ Նահանգներ մեկնիլ: Նշեմ, որ այս մրցաշարքէն բացի, Լոս Անճելըսի մէջ տասը օրուան ուսումնամարզական հաւաք մըն ալ նախատեսած էինք», ըսաւ Սերոբեան:
Նշենք, որ 11 փետրուարին տեղի ունենալիք այդ մրցաշարքին համար նկատի առնուած մարզիկներն էին Արթուր Դաւթեան, Յարութիւն Մերտինեան եւ Արմէն Պետրոսեան: