«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Արսենալ իր կազմին միացուց Վիարէալի պրազիլցի յետսապահ Կապրիել Փաուլիսթան:
24 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցումը Լոնտոն, Արսենալի արժեց 17 միլիոն ամերիկեան տոլար, յայտնեց բրիտանական մամուլը:
Երկու կողմերուն միջեւ կնքուած համաձայնութեամբ, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը Արսենալի յառաջապահ Ժոէլ Քեմպըլ մեկնեցաւ հակառակ ուղղութեամբ:
Շատ հաւանական է, որ Կապրիել Արսենալի հետ իր առաջին մրցումը կատարէ այս շաբաթավերջին, երբ անոր կազմը հիւրընկալէ Ասթոն Վիլան: