Մարզական

Հաղորդագրութիւն

Վաչէ Նաճարեան (ոտքի` ձախէն երկրորդը) Ուրբաթ, 30 յունուար 2015-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի ընդհանուր ժողովը, որուն աւարտին ընտրուեցաւ 11 հոգինոց կազմ մը: ՀՄԸՄ-ի թեկնածու Վաչէ Նաճարեան ընտրուեցաւ յիշեալ ֆետերասիոնի անդամ` ստանձնելով հաշուապահի պաշտօնը:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Ամալ Թրիփոլի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 1 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մեկնի հիւսիս, ուր Ռաշիտ Քարամէի անուան մարզադաշտին վրայ հիւրը պիտի ըլլայ Ամալ Թրիփոլիի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի խումբը, որ այժմ 24 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, պէտք է ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրէ եւ ապահովէ առաւելագոյն 3 կէտը` ինքզինք...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Չելսի – Մանչեսթըր Սիթի

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Անգլիոյ մէջ այսօր պիտի կատարուի բաւական կարեւոր մրցում մը, որուն ընթացքին Չելսի պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Սիթին: Մրցումը կարեւոր է այն իմաստով, որ եթէ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Չելսի յաղթէ, իր եւ Մանչեսթըր Սիթիի միջեւ (2-րդ) կէտերու տարբերութիւնը պիտի բարձրացնէ 7-ի: Սակայն եթէ Մանչեսթըր քաղաքի կազմը յաղթէ կէտերու տարբերութիւնը պիտի նուազի երկուքի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ – Սաժես` 138-130

Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին երէկ Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ հիւրընկալեց Սաժեսը: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Շանվիլի` 138-130 արդիւնքով (2-րդ երկարաձգումէն ետք): Նշենք, որ վաղը` կիրակի, 1 փետրուարին, Շանվիլ դարձեալ մրցում մը ունի կատարելիք, այս անգամ` յետաձգուած դարձի 2-րդ հանգրուանէն: Շանվիլի վաղուան մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռիատի:...

Թենիս. Տիոքովիչ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Նովաք Տիոքովիչ Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին տղոց կիսաւարտականի ծիրին մէջ կատարած իր ճակատումին, թիւ 1 դասուած Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա) 7-6, 3-6, 6-4, 4-6 եւ 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք տիտղոսակիր Սթանիսլաւ Վաւրինքան (Զուիցերիա, 4-րդ), հինգերորդ անգամ ըլլալով ապահովեց այս մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը: Աւարտականին ան պիտի ճակատի 6-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյին դէմ: Իսկ աղջկանց աւարտականը իրարու...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց 2015 Տարուան Իր Յայտագիրը

Յատուկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը ներկայացուց 2015 տարուան իր յայտագիրը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ. 11-14 փետրուար` Գարնանային տարիքային մրցաշարք 17-21 մարտ` Լիբանանի կրտսերներու երկսեռ ախոյեանութիւն 26-28 մարտ` տղոց եւ աղջկանց գարնանային մրցաշարք 14-18 ապրիլ` տղոց Բ. դասակարգի նահանգներու ախոյեանութիւն 20-25 ապրիլ` տղոց Բ. դասակարգի Լեռնալիբանանի նահանգի ախոյեանութիւն 25 ապրիլ - 3 մայիս` Աշխարհի ախոյեանութիւն (Չինաստան) 4-9 մայիս`...

Ռայոլա Մխիթարեանը Ընդգրկեց «Եուվենթուսի Համար 100 Միլիոննոց Խումբի» Կազմին Մէջ

Ռայոլա Մխիթարեանը Ընդգրկեց «Եուվենթուսի Համար 100 Միլիոննոց Խումբի» Կազմին Մէջ

Ֆութպոլի նշանաւոր եւ անուանի գործակալ Մինօ Ռայոլա իտալական «Կազեթթա տելլօ Սփորթ» մարզական օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Եուվենթուս կրնայ ծախել Փոլ Փոկպային` փոխան 100 միլիոն եւրոյի եւ այդ գումարով այնպիսի խումբ մը ստեղծել, որ ի վիճակի ըլլայ տիրանալ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսին: ArmSport.am հաղորդեց, որ այդ 11 մարզիկներուն մէջ յայտնուած է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին...

Էթու. «Սերի-Ա.»-ն Այն Չէ, Ինչ Որ Էր Անցեալին»

Սամտորիայի նոր յառաջապահ եւ 4 անգամ Ափրիկէի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին տիրացած քամերունցի Սամուէլ Էթու լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ, որ «Սերի-Ա.»-ն այն չէ, ինչ որ էր անցեալին: 2010-ին Ինթեր Միլանի հետ հեթրիք մը իրագործած (ախոյեանութիւն, Իտալիոյ բաժակ եւ «Չեմփիընզ լիկ») 33 տարեկան Էթու վերադարձաւ Իտալիոյ ֆութպոլի դաշտերը` երկու տարի ռուսական Անժի Մախաչքալայի մաս կազմելէ ետք: «Երբ Իտալիա էի անցեալին, տարբեր...

Քրաուչ 2 Տարուան Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Սթոքի Հետ

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Փիթըր Քրաուչ, երկու տարուան նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին` Սթոք Սիթիի հետ, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: 34 տարեկան Քրաուչի պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ կ՛աւարտէր այս տարեշրջանի աւարտին: Քրաուչ, որ 2011-ին Թոթենհամէն միացաւ Սթոքի, անոր հետ ցարդ կատարած է 140 մրցում` նշանակելով 37 կոլ: Նշենք, որ նախքան այս պայմանագրութեան երկարաձգումը, շշուկներ շրջան կ՛ընէին, որ...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պարսելոնայի Կիսաւարտականին Մրցակիցը` Վիարէալ

Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտականին իրարու դէմ ճակատող խումբերուն անունները: Վիարէալ, որ երթին իր արձանագրած յաղթանակին նման դարձեալ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Կեթաֆէի, կիսաւարտականին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պարսելոնան: Նշենք, որ իր կատարած վերջին 18 մրցումներուն ընթացքին (բոլոր մրցաշարքերուն) Վիարէալ կը մնայ անպարտելի: Կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը իրարու դէմ պիտի հանէ Էսփանիոլը եւ Աթլեթիքօ...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Կրնայ Դադրիլ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կրնայ դադրեցնել երկրին ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, կը յայտնէ «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը: Ֆետերասիոնը իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ, որ պետութիւնը միջամուխ կ՛ըլլայ ակումբներուն գործերուն եւ կրճատած է մանկապատանեկան ֆութպոլի ֆինանսաւորումը: Ներկայ դրութեամբ «Լա լիկա»-ի 38 հանգրուանէն` 20-ը խաղցուած են: Շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենան 21-րդ հանգրուանի մրցումները:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ – Սաժես

Այսօր` ուրբաթ, 30 յունուարին, Շանվիլ իր դաշտին վրայ (Տիք Մըհտի) կը հիւրընկալէ Սաժեսը: Ասիկա Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանէն յետաձգուած մրցում է: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին:

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմ-Ի Բաց Մրցաշարք.  Շարափովա Եւ Միւրէյ 4-րդ Անգամ Ըլլալով Ապահովեցին Մելպուռնի Աւարտականին Իրենց Տոմսը

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմ-Ի Բաց Մրցաշարք. Շարափովա Եւ Միւրէյ 4-րդ Անգամ Ըլլալով Ապահովեցին Մելպուռնի Աւարտականին Իրենց Տոմսը

Մարիա Շարափովա Էնտի Միւրէյ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմ-ի միջազգային բաց մրցաշարքին, աղջկանց կիսաւարտականի կատարած իր ճակատումին, 2-րդ դասուած ռուս Մարիա Շարափովա, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք 10-րդ դասուած իր ազգակիցին` Էքաթերինա Մաքարովային, ապահովեց աւարտականին իր տոմսը: 27 տարեկան Շարափովա, այսպիսով, 4-րդ անգամ ըլլալով, կ՛ապահովէ Մելպուռնի աւարտականին իր տոմսը: Վերջին անգամ Մելպուռնի մէջ 2008-ին ախոյեան հանդիսացած Շարափովա, աւարտականին իր դէմ...

«Պունտըսլիկա». Այսօր Կը Վերսկսին Մրցումները` Վոլֆսպուրկ – Պայէրն Միւնիխ Բացման Ճակատումով

Աւելի քան ամիս մը տուած ձմեռնային արձակուրդէն ետք, այսօր` ուրբաթ, 30 յունուարին, կը վերսկսին Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի մրցումները, երբ տեղի կ՛ունենայ Վոլֆսպուրկ - Պայէրն Միւնիխ 18-րդ հանգրուանի բացման մրցումը: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, այժմ ունի 45 կէտ եւ 11 կէտով կը գերազանցէ Վոլֆսպուրկը: Ստորեւ` 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով....

Ճատրակ.  Ազրպէյճան Պիտի Չմասնակցի Երեւանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Աշխարհի Ախոյեանութեան

Ճատրակ. Պետրոսեան Եւ Գաբրիէլեան Կը Մասնակցին Մոսկուայի Բաց Մրցաշարքին

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` Armchess.am-էն կը տեղեկանանք, որ կրանտմասթըրներ Տիգրան Լ. Պետրոսեան (Հայաստան), Արթուր Գաբրիէլեան (Ռուսիա) եւ շարք մը ուրիշ հայ ճատրակ խաղացողներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 31 յունուարէն 8 փետրուարին Ռուսիոյ մէջ, տեղի ունենալիք «Մոսկուա օփըն»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Մրցումները պիտի սկսին ժամը 17:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:

Սպանիոյ Ֆութպոլի (Թագաւորի Բաժակ) Մրցաշարք. Նէյմարի Տուպլէն Պարսելոնան Ուղարկեց Կիսաւարտական Հանգրուան

Պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի կողմէ նշանակուած երկու կոլը (9-րդ եւ 41-րդ վայրկեաններուն), անոր ակումբին` Պարսելոնային ապահովեց կիսաւարտականի տոմս մը, Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած քառորդ աւարտականի դարձի մրցումին, որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի, թագաւորի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ երթին «Նու Քամփ»-ի մէջ, 1-0 արդիւնքով պարտուած էր, դարձին եւս իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ 3-2 արդիւնքով: Ասկէ բացի, անիկա մրցումը աւարտեց...

Գեղասահք. Անասթասիա Գալուստեան Գրաւեց 7-րդ Դիրքը

Եւրոպայի պատանեկան ողիմպիական փառատօնի գեղասահքի մրցումներուն, իր ելոյթները աւարտեց Հայաստանը ներկայացնող Անասթասիա Գալուստեան: Այս մասին կը յայտնէ ArmSport.am-ը: Հայ մարզիկը, որ 30 մասնակցողներուն մէջ առաջին դիրքը գրաւեց կարճ հանգրուանի մրցումին, ազատ հանգրուանի մրցումին, սակայն, գրաւեց 10-րդ դիրքը` ապահովելով 70,03 կէտ: Ընդհանուր հաշիւով ապահովելով 122,97 կէտ` Գալուստեան գրաւեց վերջնական դասաւորման 7-րդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ Ալեքսանտրա Փրոքլովա (Ռուսիա), որ ապահովեց 152,86 կէտ:...

Պասքեթպոլ.  Պրայընթի Համար Այս Տարեշրջանը Աւարտեցաւ

Պասքեթպոլ. Պրայընթի Համար Այս Տարեշրջանը Աւարտեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի խումբերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մաս կազմող պասքեթպոլիստ Քոպի Պրայընթի համար այս տարեշրջանը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան ուսի վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, այս պատճառով ալ 9 ամիս դաշտերէն հեռու պիտի մնայ: Հինգ անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան հանդիսացած 36 տարեկան Պրայընթ վիրաւորուեցաւ Նիւ Օրլինզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (նախորդ շաբաթ): 17 անգամ «Օլ Սթար»-ի մրցումին մասնակցած Պրայընթ այս տարեշրջանին`...

Ռէալ Մատրիտի Մարզադաշտը Պիտի Կոչուի «Ապու Տապի Պեռնապէօ»

Սպանական «ԱՍ» օրաթերթին համաձայն, մօտիկ ապագային Ռէալ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտը պիտի անուանափոխուի: Քանի մը ամիս առաջ մատրիտեան ակումբին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութենէն նաւթային ընկերութեան մը միջեւ գոյացած էր համաձայնութիւն, որուն համաձայն, արքայական ակումբը իր մարզադաշտի անունին իրաւունքը ծախած է արաբական ընկերութեան: Բաւական երկար քննարկումներէ ետք կողմերը իրարու հետ համաձայնեցան մարզադաշտի նոր անունին շուրջ: Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, որոշուեցաւ մարզադաշտը անուանել...

«ՖԻՖԱ»-ի Նախագահական Ընտրութիւններ. Լուիս Ֆիկօ Մտադիր Է Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել

29 մայիս 2015-ին, տեղի պիտի ունենան «ՖԻՖԱ»-ի նախագահական ընտրութիւնները, որոնք այս անգամ կը թուին ըլլալ բաւական բուռն: «Սի. Էն. Էն.» այս գծով կը յայտնէ, որ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը կը մտադրէ առաջադրել Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին միջնապահ Լուիս Ֆիկօ: «ՖԻՖԱ-ին վարկանիշը հետզհետէ կը նահանջէ, եւ ես անտարբեր չեմ ֆութպոլի նկատմամբ: Եթէ համացանցին մէջ փնտռէք «ՖԻՖԱ» բառը,...

Page 1263 of 1274 1 … 1,262 1,263 1,264 … 1,274

Արխիւներ