Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (armchess.am) կը հաղորդէ, որ 27 յունուարէն 5 փետրուար Ճիպրալթարի մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի հսկայ փառատօն մը:
Գլխաւոր մրցաշարքին կը մասնակցին 244 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին են 85 կրանտմասթըրներ:
Անոնց կարգին է Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամ Լիլիթ Մկրտչեան:
Փառատօնին մասնակցողներուն մէջէն ամէնէն բարձր վարկանիշը ունի Վեսելին Թոփալով (2800):
Յայտնենք նաեւ, որ մրցաշարքին մասնակցողներուն մէջ Լիլիթ Մկրտչեան (2449) կը գտնուի 88-րդ դիրքին վրայ: