ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի պատանեկան ձմեռնային ողիմպիական փառատօնին առաջին օրը Հայաստանը ներկայացնող դահուկորդները թոյլ կերպով հանդէս եկած են:
10 քմ մրցավազքի մրցումներուն 85 մասնակցողներուն մէջ Արման Մատինեան գրաւած է 79-րդ դիրքը, իսկ Ռաֆիկ Վիրապեան` 83-րդ դիրքը:
Իսկ Տմիթրի Թրիշչիլիով ոլորավայրէջքի մրցումներուն սկիզբը անյաջողութեան մատնուելով դուրս մնացած է պայքարէն:
Նշենք, որ անոնք բոլորն ալ պիտի շարունակեն իրենց մրցումները` տարբեր մրցաձեւերու մէջ: