Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ երկու մրցումով կախակայեց Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, որ նախորդ շաբաթավերջին Քորտոպայի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին Խոսէ Քրեսփոյին զարկած ըլլալուն համար կարմիր քարտ մը ստացած էր:
Փորթուգալցին այսպիսով պիտի բացակայի Ռէալ Սոսիետատի եւ Սեւիլլայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն:
Սակայն ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք տերպիի մրցումին: