Հակառակ անոր որ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կարգ մը կրկնուելիք մրցումներ կան, սակայն Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կատարեց 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Միտըլզպորօ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգած էր Չելսին, հիւրը պիտի ըլլայ տիտղոսակիր Արսենալին:
Նշենք, որ մրցումները տեղի պիտի ունենան 14-15 փետրուարին:
Ստորեւ` տեղի ունեցած վիճակաձգութիւնը.
Քրիսթալ Փալաս – Լիվըրփուլ կամ Պոլթըն
Արսենալ – Միտըլզպորօ
Ասթոն Վիլա – Լայսթըր Սիթի
Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիըն – Ուեսթ Համ
Պրետֆորտ – Սանտըրլենտ կամ Ֆուլհեմ
Պլեքպըրն – Ռոքտէյլ կամ Սթոք Սիթի
Տերպի Քաունթի – Ռիտինկ
Փրեսթըն Նորթ Էնտ կամ Շեֆիլտ Եունայթըտ – Քեմպրիճ կամ Մանչեսթըր Եունայթըտ