Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Փիթըր Քրաուչ, երկու տարուան նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին` Սթոք Սիթիի հետ, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
34 տարեկան Քրաուչի պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ կ՛աւարտէր այս տարեշրջանի աւարտին:
Քրաուչ, որ 2011-ին Թոթենհամէն միացաւ Սթոքի, անոր հետ ցարդ կատարած է 140 մրցում` նշանակելով 37 կոլ:
Նշենք, որ նախքան այս պայմանագրութեան երկարաձգումը, շշուկներ շրջան կ՛ընէին, որ ան պիտի լքէ իր ակումբը: