Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` Armchess.am-էն կը տեղեկանանք, որ կրանտմասթըրներ Տիգրան Լ. Պետրոսեան (Հայաստան), Արթուր Գաբրիէլեան (Ռուսիա) եւ շարք մը ուրիշ հայ ճատրակ խաղացողներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 31 յունուարէն 8 փետրուարին Ռուսիոյ մէջ, տեղի ունենալիք «Մոսկուա օփըն»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Մրցումները պիտի սկսին ժամը 17:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: