
Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին տղոց կիսաւարտականի ծիրին մէջ կատարած իր ճակատումին, թիւ 1 դասուած Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա) 7-6, 3-6, 6-4, 4-6 եւ 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք տիտղոսակիր Սթանիսլաւ Վաւրինքան (Զուիցերիա, 4-րդ), հինգերորդ անգամ ըլլալով ապահովեց այս մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը:
Աւարտականին ան պիտի ճակատի 6-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյին դէմ:
Իսկ աղջկանց աւարտականը իրարու դէմ պիտի հանէ թիւ 1 դասուած Սերենա Ուիլիըմզը (Միացեալ Նահանգներ) եւ 2-րդ դասուած Մարիա Շարափովան (Ռուսիա):