Սամտորիայի նոր յառաջապահ եւ 4 անգամ Ափրիկէի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին տիրացած քամերունցի Սամուէլ Էթու լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ, որ «Սերի-Ա.»-ն այն չէ, ինչ որ էր անցեալին:
2010-ին Ինթեր Միլանի հետ հեթրիք մը իրագործած (ախոյեանութիւն, Իտալիոյ բաժակ եւ «Չեմփիընզ լիկ») 33 տարեկան Էթու վերադարձաւ Իտալիոյ ֆութպոլի դաշտերը` երկու տարի ռուսական Անժի Մախաչքալայի մաս կազմելէ ետք:
«Երբ Իտալիա էի անցեալին, տարբեր էր ֆութպոլը, քան ինչ որ է ներկայիս: Փոփոխութիւնները ընդհանուր առմամբ շատ են: Սակայն ատիկա երբեք պիտի չազդէ իմ խաղարկութեանս վրայ եւ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեմ` օժանդակելու համար Սամտորային», ըսաւ ան:
Նշենք, որ 2014-ի Մոնտիալէն ետք Էթու լքեց միջազգային ասպարէզը` Քամերունի հետ 118 մրցումի ընթացքին նշանակելով 56 կոլ: