Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 1 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մեկնի հիւսիս, ուր Ռաշիտ Քարամէի անուան մարզադաշտին վրայ հիւրը պիտի ըլլայ Ամալ Թրիփոլիի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ-ի խումբը, որ այժմ 24 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, պէտք է ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրէ եւ ապահովէ առաւելագոյն 3 կէտը` ինքզինք աւելիով ամրապնդելու համար վերին դիրքերուն վրայ:
Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցած Ահլի Նապաթիէ – Սաժես մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: