Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին երէկ Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ հիւրընկալեց Սաժեսը:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Շանվիլի` 138-130 արդիւնքով (2-րդ երկարաձգումէն ետք):
Նշենք, որ վաղը` կիրակի, 1 փետրուարին, Շանվիլ դարձեալ մրցում մը ունի կատարելիք, այս անգամ` յետաձգուած դարձի 2-րդ հանգրուանէն:
Շանվիլի վաղուան մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռիատի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ դարձեալ Շանվիլի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 17:00-ին: