«Էն. Պի. Էյ.»-ի խումբերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մաս կազմող պասքեթպոլիստ Քոպի Պրայընթի համար այս տարեշրջանը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան ուսի վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, այս պատճառով ալ 9 ամիս դաշտերէն հեռու պիտի մնայ:
Հինգ անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան հանդիսացած 36 տարեկան Պրայընթ վիրաւորուեցաւ Նիւ Օրլինզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (նախորդ շաբաթ):
17 անգամ «Օլ Սթար»-ի մրցումին մասնակցած Պրայընթ այս տարեշրջանին` 35 մրցումի ընթացքին, միջին հաշուով նշանակեց 22,3 կէտ:
Նշենք, որ ան 1996-էն ի վեր մաս կը կազմէ Լէյքըրզի, երբ տակաւին 18 տարեկան դպրոցական էր: