Ֆութպոլի նշանաւոր եւ անուանի գործակալ Մինօ Ռայոլա իտալական «Կազեթթա տելլօ Սփորթ» մարզական օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Եուվենթուս կրնայ ծախել Փոլ Փոկպային` փոխան 100 միլիոն եւրոյի եւ այդ գումարով այնպիսի խումբ մը ստեղծել, որ ի վիճակի ըլլայ տիրանալ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսին:
ArmSport.am հաղորդեց, որ այդ 11 մարզիկներուն մէջ յայտնուած է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ կը հանդիսանայ Ռայոլայի յաճախորդը: