29 մայիս 2015-ին, տեղի պիտի ունենան «ՖԻՖԱ»-ի նախագահական ընտրութիւնները, որոնք այս անգամ կը թուին ըլլալ բաւական բուռն:
«Սի. Էն. Էն.» այս գծով կը յայտնէ, որ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը կը մտադրէ առաջադրել Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին միջնապահ Լուիս Ֆիկօ:
«ՖԻՖԱ-ին վարկանիշը հետզհետէ կը նահանջէ, եւ ես անտարբեր չեմ ֆութպոլի նկատմամբ: Եթէ համացանցին մէջ փնտռէք «ՖԻՖԱ» բառը, անոր մասին ոչ մէկ լաւ բան կը գտնէք: Ես` որպէս նախկին ֆութպոլիստ, ատիկա չեմ փափաքիր: Ասկէ մեկնելով` կ՛ուզեմ առաջադրել իմ թեկնածութիւնս: Ժամանակը կ՛որոշէ, թէ ինչ պիտի ըլլայ արդիւնքը», ըսաւ Ֆիկօ:
Նշենք, որ Սեփ Պլեթըր 1998-էն ի վեր կը վարէ «ՖԻՖԱ»-ի նախագահի պաշտօնը: