Մարզական

Անտերսոն Վերադարձաւ Հայրենիք

Մանչեսթըր Եունայթըտի մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Անտերսոն ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ իր հայրենիքին մէջ` մաս կազմելով Ինթերնասիոնալին, կը յայտնէ «Տը Կարտիըն»: Օրաթերթը հաղորդեց, որ պրազիլական ակումբը ցարդ չհաղորդեց անոր փոխանցման գումարին մանրամասնութիւնները:

Հրաչ Եագան Մօտ Է Սերվեթ Տեղափոխուելուն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հրաչ Եագան մօտ է Սերվեթ տեղափոխուելուն, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` աւելցնելով, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը փորձառական շրջան մը կ՛անցընէ զուիցերիական խումբին հետ: Սերվեթի պաշտօնական կայքը` մէջբերելով խումբին մարզիչ Քեւին Քուպըրի խօսքը, ակնարկութիւններ կը կատարէ այդ առնչութեամբ պայմանագիրի հաւանական կայացման մասին: Նշենք, որ Եագան, որ Հայաստանի հաւաքականին հետ իր նորամուտը նշեց 2009-ին, մասնակցեցաւ...

Պիսեւաքի Համար Այս Տարեշրջանը Աւարտեցաւ

Լիոնի սերպ յետսապահ Միլան Պիսեւաք, որ Մոնաքոյի դէմ տեղի ունեցած «Լիկ-1»-ի մրցումին վիրաւորուեցաւ, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ` նկատի ունենալով, որ ան հինգշաբթի, 4 փետրուարին պիտի ենթարկուի ծունկի վիրաբուժութեան, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Լիոնի պաշտօնական կայքին մէջ նշուեցաւ, որ սերպ միջազգային ֆութպոլիստին վիրաբուժութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ «Մերմոզ» բժշկական հիմնարկին մէջ, պիտի կատարէ բժիշկ Պերթրան Սոնների-Քոթէ: Նշենք,...

Նոթինկհամ Ֆորեսթ Պաշտօնանկ Ըրաւ Սթիւըրթ Փիրսը

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Անգլիոյ Ա. դասակարգի կազմերէն Նոթինկհամ Ֆորեսթ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Սթիւըրթ Փիրսը, խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Ակումբին պատասխանատուներուն համար քիչ մը դժուար եղաւ վերջին եօթը մրցումներուն խումբին կրած վեց պարտութիւնը, մանաւանդ նախորդ շաբաթավերջին, երբ Ա. դասակարգին մէջ մնալու համար պայքար մղող Միլուոլ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆորեսթի դաշտին...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» – Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն Հայաստան Մաս Կազմեց Գ. Զամբիւղին

5 փետրուար 2015-ին տեղի պիտի ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի, Եւրոպայի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Մրցաշարքին մասնակցող 52 խումբերը բաժնուեցան վեց զամբիւղի: Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը մաս կազմեց Գ. զամբիւղին, կը յայտնէ Tatalfootball.am-ը` իր այս լուրը քաղելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն: Այդ բոլոր մասնակցող խումբերը պիտի բաժնուին 9 խմբակի: 7 խմբակ պիտի ընդգրկէ վեց խումբ,...

ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւններ.  Պաշտօնապէս 4 Թեկնածուներ Առաջադրեցին Իրենց Անունները

ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւններ. Պաշտօնապէս 4 Թեկնածուներ Առաջադրեցին Իրենց Անունները

Սեփ Պլեթըր Լուիս Ֆիկօ 29 մայիսին Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի պիտի ունենայ ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնը: Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ՖԻՖԱ-ն նշեց, որ նախագահի այդ պաշտօնին համար, պաշտօնապէս իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են 4 անձեր: Ալի Պըն Հիւսէյն Մայքըլ Վան Փրաակ Պաշտօնական թեկնածութեան առաջադրման վերջին ժամկէտին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած այդ 4 անձերն են` այժմու գործող նախագահ Սեփ Պլեթըր, փորթուգալցի Լուիս Ֆիկօ,...

Արշակ Քորեան Տեղափոխուեցաւ Վիթես

Արշակ Քորեան (ձախին) Իր լուրը քաղելով «sportexpress.ru» կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ 19 տարեկան յառաջապահ Արշակ Քորեան, որ նախորդ տարուան աւարտին լքեց Լոքոմոթիւը, այժմ ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակով տեղափոխուեցաւ հոլանտական Վիթես խումբ: Պայմանագիրը` Վիթեսի եւ Քորեանի միջեւ, նախատեսուած է մինչեւ այս տարուան ամառը: Քորեան բաւական լաւ տպաւորութիւն ձգեց հոլանտական ակումբին պատասխանատուներուն վրայ, սակայն անոր պայմանագրութիւնը եղաւ կարճ` նկատի...

Ռայոլա. «Մխիթարեան Փափաք Յայտնած Է Ամրան Ընթացքին Հեռանալու Տորթմունտէն»

Հենրիխ Մխիթարեանի գործակալ Մինօ Ռայոլա «Ռայ Սփոր»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, խօսելով հայ ֆութպոլիստին ապագային մասին, ըսած է. «Մխիթարեան փափաք յայտնած է, որ ամրան ընթացքին լքէ իր ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտը: Մեծ ֆութպոլիստներուն համար ձմրան ընթացքին դժուար է այլ ակումբ տեղափոխուիլը: Այս տարեշրջանին աւարտին ամէն բան յստակացած կ՛ըլլայ, թէ ան ո՛ր խումբին մաս պիտի կազմէ յաջորդ տարեշրջանին»: Նշենք, որ «Չեմփիընզ...

Եուրօ-Պասքեթպոլ. 2015 Մրցումները Պիտի Կատարուին Չորս Երկիրներու Մէջ

5 սեպտեմբերին կը սկսին Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան` Եուրօ-2015-ի մրցումները: Սկզբունքով նախատեսուած էր մրցաշարքը կայացնել Ուքրանիոյ մէջ: Սակայն այդ երկրին մէջ տիրող լարուած իրավիճակին պատճառով, Եւրոպայի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը (FIBA-Europe) իր տուած որոշումին մէջ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ փոխան Ուքրանիոյ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ չորս երկիրներուն մէջ. Ֆրանսա, Խրուաթիա, Գերմանիա եւ Լաթվիա: Մրցաշարքին մասնակցող 24 խումբերն են. Ա. ԽՄԲԱԿ Պոսնիա, Ֆինլանտա, Ֆրանսա,...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Պարագլուխի Դիրքերուն Մէջ Ոչ Մէկ Փոփոխութիւն. Մխիթարեան Վերադարձաւ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Անգլիոյ մէջ գագաթի ճակատումը` Չելսիի եւ Մանչեսթըր Սիթիի միջեւ, աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ անոնց միջեւ կէտերու տարբերութիւնը` ի նպաստ Չելսիի 5 կէտ, մնայ անփոփոխ: Ատկէ գլխաւոր օգտուողը եղաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լայսթըր Սիթիի, բարձրացաւ 3-րդ դիրք: Նոյնը պատահեցաւ Իտալիոյ մէջ, երբ Եուվենթուսի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Յաղթեց Տիք Մըհտիի Մէջ

Շանվիլ - Ռիատի երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Ռիատի Պէյրութ 93-86 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագեց, երբ Տիք Մըհտիի մէջ պարտութեան մատնեց Շանվիլը: Թէեւ մրցումին տեւողութեան Շանվիլ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել աւելի քան 20-ի, ինչպէս նաեւ Ա. կիսախաղը աւարտել 11 կէտի առաւելութեամբ, սակայն անիկա պարտուեցաւ եօթը կէտի տարբերութեամբ (19-18, 44-33, 62-62 եւ 86-93): Ռիատիէն...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ 3 Կէտով Վերադարձաւ Հիւսիսէն Եւ Բարձրացաւ 2-րդ Դիրք

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 1 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը արձանագրեց տարեշրջանի իր 8-րդ յաղթանակը, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլիէն, ուր պարտութեան մատնեց տեղւոյն Ումմալ Թրիփոլին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեան, որ իր փոխանցումը ստացաւ Մամաս Քէհէեանէն: Նշենք, որ Քէհէեան քանի մը մարզիկ խաղի բերելէ...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Սերենա Ուիլիըմզ 6-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր. Տիոքովիչ Յաղթեց Միւրէյին

Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի աղջկանց աւարտական մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց թիւ 1 դասուած Սերենա Ուիլիըմզը (Միացեալ Նահանգներ) եւ 2-րդ դասուած ռուս Մարիա Շարափովան, աւարտեցաւ ամերիկացիին յաղթանակով` 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 42 վայրկեան: Այսպիսով, Սերենա Ուիլիըմզ 6-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին. նախապէս այդ տիտղոսին տիրացած էր 2003-ին, 2005-ին, 2007-ին, 2009-ին եւ...

Պասքեթպոլ.  Անդրանիկ Պէյրութ – Շապապ Արապի` 40-78

Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Պէյրութ – Շապապ Արապի` 40-78

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի բացման մրցումին, շաբաթ, 31 յունուարին, Անդրանիկ Պէյրութ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ հիւրընկալեց Շապապ Արապին: Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Շապապ Արապիի յաղթանակով` 78-40 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լէյլա Ասսի նշանակեց 25 կէտ եւ 16 ռիպաունտ: Երթի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի գագաթի ճակատումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 4 փետրուարին, երեկոյեան ժամը...

Մուսա Մուրթազալիեւ Ազատեցաւ Զինուորական Պարտադիր Ծառայութենէն

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանի առաջարկով, Հայաստանի կառավարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին Մուսա Մուրթազալիեւը ազատ կացուցեց զինուորական պարտադիր ծառայութենէն, կը յայտնէ ArmSport.am: Իր լուրը քաղելով wrestling.am-էն` ArmSport.am կ՛աւելցնէ, որ կառավարութիւնը լսելով առաջարկը 30 յունուարին պարտադիր զինուորական ծառայութենէն ազատ կացուցեց Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Մուսա Մուրթազալիեւը, որ ծնած է 26 մայիս 1986-ին` Երեւանի մէջ: Ներկայիս ան Հայաստանի հաւաքականին հետ...

Ճատրակ. Արոնեան Նահանջեց 9-րդ Դիրք

Երէկ` կիրակի, 1 փետրուարին, ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց ճատրակի միջազգային նոր դասաւորումը: Նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին յառաջատարը` Լեւոն Արոնեան, 20 կէտ կորսնցնելէ ետք այժմ կը գրաւէ 9-րդ դիրքը` 2777 կէտով: Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, որուն վարկանիշն է 2865: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Ֆապիանօ Քարուանա եւ Ալեքսանտր Կրիսչուք:...

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Աւստրալիա Տիրացաւ Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի 2015-ի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Աւստրալիոյ եւ Հարաւային Քորէայի միջեւ: Աւստրալիա տիրացաւ տիտղոսին` երկարաձգման ընթացքին արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ովկիանիոյ քառակի ախոյեան Աւստրալիա, որ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կը մասնակցի 2007-էն ի վեր, այսպիսով առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին, մինչ Հարաւային Քորէա անոր տիրացած է երկու անգամ:

Գէորգ Ղազարեան Ֆութպոլիստի Իր Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Քերքիրայի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ յունական Քերքիրա ֆութպոլի ակումբին հետ, յայտնեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը: 26 տարեկան Ղազարեան 6 ամսուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Քերքիրայի հետ, որ Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք կը գրաւէ 10-րդ դիրքը: Նշենք, որ Ղազարեանի նախկին ակումբը` Օլիմփիաքոս, երկկողմանի յարաբերութեամբ մը խզեց իր պայմանագրութիւնը հայրենի ֆութպոլիստին հետ:

Գրիգոր Մելիքսէթեան Կը Մարզուի Ուլիսի Հետ

Գանձասար Կապանի եւ Փիւնիկ Երեւանի նախկին բերդապահ Գրիգոր Մելիքսէթեան նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ մարզուիլ Ուլիսի հետ: Ուլիսի հետ փորձեր կը կատարեն նաեւ շարք մը այլ ֆութպոլիստներ: Նշենք, որ Ուլիս Հայաստանի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան մէջ կը գրաւէ յառաջատար դիրք, կը յայտնէ ArmSport.am:

Աքթոպէ 18-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Թրքական Կինէյսփոր Խումբը. Փիցելլի` Կոլի Հեղինակ

Աքթոպէ 18-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Թրքական Կինէյսփոր Խումբը. Փիցելլի` Կոլի Հեղինակ

Թրքական Պելեք քաղաքին մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարող Աքթոպէ (Ղազախստան) ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ թրքական Կինէյսփոր խումբին դէմ, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին: Մրցումը աւարտեցաւ թրքական խումբին ամօթալի պարտութեամբ, որ 18-0 արդիւնքով ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեց Աքթոպէէն: Յաղթական խումբին կոլերէն մէկը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ քանի մը այլ կոլեր ալ նշանակելու առիթը...

Page 1262 of 1274 1 … 1,261 1,262 1,263 … 1,274

Արխիւներ